image

Պէյրութի մէջ. Պայթում «Ալ Ժամուս» թաղամասին մէջ. Կայ զոհ (Տեսանիւթ)

  Պէյրութի մէջ. Պայթում «Ալ Ժամուս» թաղամասին մէջ. Կայ զոհ (Տեսանիւթ)

Պէյրութի հարաւային արուարձան ՝ «Տահիյէ ժանուպիյէ» շրջանին մէջ  պայթում մը գրանցուած է։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  «Ալ նահար»  պարբերականի կայքէն։

Մանրամասնութիւններուն մէջ կը նշուի, որ պայթումը եղած է «Ալ Ժամուս» թաղամասին մէջ գտնուող շէնքի առաջին յարկին մէջ, որուն հետեւանքով ալ զոհուած է  յիսուն տարեկան կին մը։

Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ   պայթումը եղած է  ապահովական ուժերուն մօտ կալանքի տակ առնուած  մեղադրեալի մը։ Ապահովական ուժեր խուզարկումներ կը կատարեն նշեալ բնակարանին մէջ։