image

Պէյրութի մէջ. Մահացած է գերեվարուած լիբանանահայ՝ Վիգէն Իւլճէքեանի մայրը

  Պէյրութի մէջ. Մահացած է գերեվարուած լիբանանահայ՝ Վիգէն Իւլճէքեանի մայրը

Պէյրութէն ցաւալի լուր ստացանք. Մահացած է Պաքուի մէջ բանտարկուած լիբանանահայ գերի Վիգէն Իւլճէքեանի մայրը՝ Պէաթրիս Իւլճէքեանը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրներէն։

Կը նշուի նաեւ, որ Վիգէնի մայրիկին առողջութիւնը կտրուկ վատացած է, երբ «Կարմիր խաչ»ի պատուիրակներ իր տուն այցելած են ու Վիգէնին մասին տեղեկութիւն հաղորդած են անոր։ 

 Մայրիկը  ծանր  տարած է եղելութիւնը,  որովհետեւ  ցուցադրուած տեսանիւթին մէջ Վիգէն  եղած է տխուր ու անկումային վիճակի մը մէջ։

 Ժամեր անց ան անցուցած է սրտի ծանր տագնապ մը եւ այնուհետեւ մահացած։

 Պէաթրիս Իւլճէքեանի (ծնեալ՝ Ժամկոչեան) թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ։

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Վիգէն գերեվարուած է Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն պահ մը անց, երբ փորձած էր հասնիլ Շուշի, իրեն պատկանող իրերը հաւաքելու համար։ 

 

 Մինչեւ մեր օրը, ինչպէս նաեւ տասնեակ հայ ռազմագերիներ կը շարունակեն մնալ Պաքուի բանտերուն մէջ, եւ այս թեմայով Հայաստանի թշնամի երկիրը կը շարունակէ տրուած բոլոր մակարդակի խոստումները դրժել եւ մեր զինուորները պահել գերեվարութեան մէջ։