Օրերս Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է եկեղեցասէր հայուհի՝ Յասմիկ Պապահէքեան։
Այս մասին վերահասու դարձանք Պէյրութի «Արեւելք»ի աղբիւրէն։
Հանգուցեալ հայուհին մայրն էր ՀԲԸՄ եւ ՌԱԿ-եան շրջանակներուն ծանօթ անուն հանդիսացող՝ Ճէնի Պապահէքեանին։
Այս տխուր առթիւ հակիրճ մահագրական մը հրապարակած է Լիբանանի մէջ գործող Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց մարմինը եւ ստորեւ կը ներկայացնենք այդ գրառումը։
Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը խոր վիշտով կը գուժէ մահը իր սիրելի, ամենատարեց անդամներէն, բարեպաշտ, հեզ, ազնիւ Տիկին Յասմիկ Պապահեքեանի, որ պատահեցաւ Պէյրութի մէջ, 02, Յունուար 2024֊ին։
Հանգուցեալ Յասմիկը նուիրուածութեամբ եւ անվերապահօրէն երկար տարիներ շարունակած է իր անդամակցութիւնը եւ բարերարութիւնը, Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին։ Ան վերջերս 64 տարուայ յուշանուէրի արժանացաւ։ Տիկին Յասմիկը Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին հանդէպ անսահման հաւատք և խորունկ սէր ունեցած է ինչպէս նաև՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ անսասանութեան։
Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը իր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ անոր ընտանեկան պարագաներուն։
Հանգուցեալ Յասմիկին, լաւատես, գոհունակ,և միշտ ուրիշին օգտակար բարեպաշտ կնոջ յիշատակը անթառամ պիտի մնայ մեր բոլորին սրտերուն մէջ։
Աստուած հոգին լուսաւորէ։
Խունկ և աղօթք իր յիշատակին։