Մինչ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի կը պատրաստուի կազմել նորընտիր նախագահ Զօր. Միշէլ Աունի նստաշրջանի առաջին կառավարութիւնը, անդին մէկէ աւելի «ճակատներ»ու վրայ «տաք եւ պաղ» պայքար կ'ընթանայ նախարարական աթոռներու ստանձնման վերաբերեալ: Տեղին է յիշեցնել, որ Լիբանանի համայնքային դրութեամբ մը ղեկավարուելուն պատճառով քաղաքական հիմնական ուժերը «սուր պայքար» կը տանին «առաջնային» եւ «անկախական» համարուած աթոռները «խլելու» համար: Այսպէս երկրի գլխաւոր նախարարութիւնները համարուողները ինչպիսիք են՝ ելեւմուտքի, պաշտպանութեան, ներքին գործոց եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնները կը նկատուին «առիւծի բաժին»ներ ու ընթացող պայքարը կը կեդրոնանայ այդ աթոռներուն շուրջ:
Խօսելով նախարարական աթոռներու՝ հայկական «կանխատեսումներուն» մասին ու յղում կատարելով «հայկական երեսփոխանական պլոք»ի (ՀՅԴ) ներկայացուցիչ ՝ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ըրած յայտարարութեանը կառավարութեան մէջ երկու հայ նախարար ունենալու վերաբերեալ, պէտք է ըսել որ այդ առաջարկը կրնայ տեղ գտնել յառաջիկայ օրերուն կազմուելիք կառավարութեան կազմին մէջ:
Խնդիրը հոս չէ, հարցը՝ երկրորդ հայ նախարարի օրակարգն է: Եւ եթէ առաջին նախարարական աթոռը պիտի վստահուի Դաշնակցական կամ ՀՅԴ-ի համակիր նախարարի մը, ապա երկրորդ նախարարական աթոռը կը հանդիսանայ «սուր պայքար»ի հիմնական թեմա: Այս առումով կարեւոր տեղեկութիւն մը փոխանցած է լիբանանեան VDL կայանը, յայտնելով նաեւ, որ ընթացող «պազարներու»ն մէջ կարեւոր պայքար կը տարուի «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան կողմէ ստանձնելու երկրորդ հայկական աթոռը:
Թէ ինչքանով ճիշդ է այս տեղեկութիւնը, դեռ պարզ չէ, սակայն յստակ է, որ վերջին կառավարութեան մաս չկազմած քրիստոնէական կուսակցութիւնը, որ առանցքային դեր ունեցաւ Զօր. Աունի նախագահական ընտրութեան ամբողջ գործընթացին վրայ այսօր յստակ եւ ընդգծուած «պահանջներ» դրած է եւ կը պահանջէ «իր իրաւունքները»: Այլ խնդիր, թէ այդ «իրաւունքները» կը հաստատուին աւելի «թոյլ օղակ» համարուող համայնքներու շահերը ոտնահարելու գնով:
Առաջին անգամը չէ, որ նման մօտեցումներ կը կատարուին երկրի մը մէջ, ուր քաղաքական ներկայացուցչութեան հարցը պատանդն է երկրին մէջ տիրող ընդհանուր մթնոլորտին ու «նեղ շրջանակներու» փակ սենեակներուն մէջ տիրող իրավիճակին:
Այսօր «Լիբանանեան ուժեր»ը կը ներկայանայ որպէս «պահանջատէր կողմ», այդ մէկը յստակ է, սակայն հարցումը, որ կը դրուի՝ արդեօ՞ք Լիբանանի նորանշանակ վարչապետ Սաատ Հարիրի պատրաստ է երկրորդ հայկական աթոռը, որ իսկութեան մէջ իր վաղեմի հայ դաշնակիցներուն «բաժինն» է, տալ կամ «նուիրաբերել» Սամիր Ժաաժայի ղեկավարած «Լիբանանեան ուժեր»ուն:
Սպասենք: