Պէյրութի մէջ երիտասարդուհին կանգնելով հարիւրաւոր մարդկանց առջեւ ինքզինք վար նետած է կամուրջէն։
Դէպքը տեղի ունեցած է Պուրճ Համուտ հայահոծ շրջանը Էշրէֆիյէ շրջանին կապող կամուրջին վրայ, ուր հաւաքուած եղած են հարիւրի չափ քաղաքացիներ։
Քաղաքացիները փորձած են հանդարտեցնել երիտսարդուհին, որ սակայն չէ անսած անոնց կոչերուն ու ինքզինք վար նետելով ստացած է ծանր վիրաւորումներ։
Lebanon files կը յայտնէ, որ երիտասարդուհին չէ մահացած եւ ան փոխադրուած է հիւանդանոց։
Պէյրութի մէջ. Երիտասարդուհին ինքզինք կամուրջէն վար նետած է @arevelk1 pic.twitter.com/NFMFrvDddk
— arevelk.am (@arevelk1) April 20, 2023