20 օրէ ի վեր Պէյրութի փողոցներուն մէջ կուտակուած աղբը այսօր պիտի հաւաքուի: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ, նոյնպէս կը յայտնեն, թէ որոշումը առնուած է Պուրճ Համուտի աղբակայանի մուտքին «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան կողմէ վերջին օրերուն բողոքի հաւաքին առկախումէն եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շրջանի մարմիններուն աղբակայանը վերաբանալու վերաբերեալ առնուած որոշումէն ետք: Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, այս մասին խօսելով ըսած է, թէ քաղաքապետարանը համաձայնած է վերաբանալ աղբակայանը, պայմանաւ, որ հոն տարուին կառավարութեան կողմէ դրուած պայմանները լրացնող աղբերը: Նոյն մասին խօսած է նաեւ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ըսելով, որ «մենք պատասխանատու չենք քաղաքին մէջ կուտակուած աղբերու հարցը լուծել, առանց աղբերու զտման աշխատանքին»: Բագրատունի քննադատելով, որոշ կողմերը, նաեւ յարած է, թէ «անոնք, որ այս տագնապը ստեղծեցին, իրենք է, որ պէտք է լուծեն խնդիրը»: Նշենք, որ կառավարութեան կողմէ պատրաստուած ծրագրին համաձայն Պուրճ Համուտի աղբակայանը պիտի գործէ յառաջիկայ չորս տարիներուն համար, որմէ ետք պիտի փակուի եւ շրջանին մէջ առկայ «աղբալեռ»ը վերջանականապէս պիտի ոչնչացուի: