Լիբանանեան լրագիրներու այբ ճակատին այսօր լոյս տեսած գլխաւոր թեման կը շարունակէ մնալ աղբի եւ աղբահանութեան հարցը: Յատկապէս երէկ Պէյրութը ողողած անձրեւներէն ետք մայրաքաղաքի տարբեր շրջանները յայտնուեցան ծանր իրադրութեան մէջ: Մէկ կողմէ կոյուղիներու փակուած անցքերը եւ միւս կողմէ Պէյրութի տարբեր մասերուն մէջ կուտակուած աղբը անձրեւի ջուրերուն հետ «լողաց» ամենուրէք: Շաբաթներ առաջ քաղաքացիական մարմիններ եւ նոյնիսկ առողջապահութեան նախարարութեան պատասխանատուներ զգուշացուցած էին, որ անձրեւը կրնայ լուրջ վտանգ ստեղծել մայրաքաղաքին մէջ եւ կուտակուած աղբին քաղաքով մէկ տարածուիլը կրնայ առիթ դառնալ, որ համաճարակներ տարածուին: Վերջին օրերուն յատկապէս կը խօսուի Քոլերա համաճարակին մասին, որուն վտանգը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ պէյրութցիներուն համար: Տագնապը կը շարունակէ մնալ առաջնային ու հակառակ անոր, որ իրադրութիւնը պէտք է դարմանուի արագ եւ կտրուկ միջոցներով Լիբանանի քաղաքական վերնախաւը աւազախրած կը մնայ իր հաշիւներուն եւ «սեփական» օրակարգերուն մէջ, որոնք շատ հեռու են լիբանանցի սովորական քաղաքացիին ապրած ամէնօրեայ մտահոգութիւններէն: