Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մաօ Նինը յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ պարսային զինամթերքի մատակարարումն Ուքրանիոյ կրնայ յանգեցնել մարդասիրական խնդիրներու։ Ան կոչ ըրած է «զգոյշ ըլլալու» նման զինամթերք Ուքրաինա տեղափոխելու որոշման հարցով։ Այս մասին գրած է kommersant.ru-ն:
«Շատ երկիրներ դէմ արտայայտուած են, պարսային զինամթերքի անպատասխանատու մատակարարումները հեշտութեամբ կրնան յանգեցնել մարդասիրական խնդիրներու: Մարդասիրական եւ ռազմական անվտանգութեան հարցերը պէտք է լուծուին հաւասարակշռուած ձեւով, իսկ պարսային զինամթերքի մատակարարման պէտք է վերաբերիլ զսպուածութեամբ եւ զգուշութեամբ»,- ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Մաօ Նինը:
«Համապատասխան կողմերը պէտք չէ կրակի վրայ իւղ լեցնեն, չսրեն հակասութիւնները, որոնք կը յանգեցնեն ուքրանական ճգնաժամի սրման»,- աւելցուցած է ան։
Միացեալ Նահանգները 7 յուլիսին յայտարարած է Ուքրանիոյ պարսային զինամթերք փոխանցելու որոշման մասին։ Ատոնց օգտագործումն արգիլուած է միջազգային համաձայնագրով, որ վաւերացուցած է 123 երկիր, որոնց շարքին չեն Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Ուքրանիան, Չինաստանը եւ Իսրայէլը։
Միացեալ Նահանգներու նախագահի՝ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիւանը լրագրողներուն ըսած է, որ Ուքրանիան գրաւոր հաւաստիացուցած է Միացեալ Նահանգներուն, որ Ուաշինկթընի կողմէ տրամադրուելիք պարսային զինամթերքը պիտի չօգտագործէ Ռուսիոյ տարածքին մէջ կամ բնակեցուած տարածքներու մէջ:
Սալիւանն այս յայտարարութիւնն ըրած է այն բանէն ետք, երբ շարք մը դեմոկրատ օրէնսդիրներ մտահոգութիւն յայտնած են նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմի կողմէ Քիեւին պարսային զինամթերք մատակարարելու որոշման վերաբերեալ:
Յիշեցնենք, որ ուրբաթ Միացեալ Նահանգները յայտարարած է, որ Քիեւին պարսային զինամթերք պիտի մատակարարէ որպէս անվտանգութեան նոր 800 միլիոն տոլար արժողութեամբ փաթեթի մաս: