Վստահօրէն Պետիկը միշտ պիտի յիշուի, որպէս նուիրեալ մէկ անդամը մեր եկեղեցիին, յար եւ նման այն նուիրեալներուն, որոնց սրտին ու հոգիին մէջ յատուկ տեղ տրամադրուած է քրիստոնէական արժէքներուն, Քրիստոսի աւանդին ու հայու արժանիքներուն։
Տխուր լուր մը ստացանք Պէյրութէն։ Օրերս կարճատեւ հիւանդութեան մը հետեւանքով իր աչքերը յաւերժին փակած է Պէյրութի Նորաշէն (Թիրո) շրջանի նուիրեալ ազգայիններէն Պետիկ Յովհաննէսեանը։
1966-ին Պէյրութի մէջ ծնած Պետիկը (56 տարեկան) սիրուած ու յարգուած էր մասնաւորապէս Նորաշէն շրջանի համայնքին կողմէ, որուն Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ նուիրեալ մէկ անդամն էր Պետիկ սարկաւագը։
Պէյրութի, Հալէպի եւ այլ հայահոծ քաղաքներու մէջ, այդ քաղաքներու ամենահեռաւոր թաղամասերուն մէջ կարծէք հայու ճակատագրի դրուածքով դէպի երկինք կը սլանան Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ տաճարները, իրենց շուրջ հաւաքելով շրջանի հայութիւնը, եւ մասնաւորապէս համայնքի երիտասարդ տարրը։
Պետիկ անոնցմէ էր, որ մանուկ հասակէն յաճախած էր եկեղեցի, եղած էր դպիր, ծառայած էր, որպէս եկեղեցին եւ քրիստոնէական ուսմունքը սիրող անհատ եւ երկար տարիներու ընթացքին դարձած էր բարի օրինակը իր շրջանակին։
Հասնող էր բոլորին, մեծին հետ մեծ եւ փոքրին հետ փոքր էր Պետիկ, որ կեանքի ծանրագոյն պայմաններուն բերումով ու հետեւելով իր հօր հանգուցեալ պրն. Նազարի օրինակին նետուած էր կեանքի ասպարէզ։ Տարիներ անց ձեռնադրուած էր սարկաւագ ու եկեղեցւոյ շրջանակին մէջ ծանօթացած էր իր կեանքի կէսին ՝ Լիզային ու միասին կազմած էին հայաշունչ ընտանիք մը պարգեւուելով երկու զաւակներով։
Լիբանանի պատերազմի ողջ ընթացքին Պետիկ միշտ ալ եղած էր եկեղեցիի շրջանակներուն մէջ ու այդ ճամբով ալ ծառայած էր իր մեծ ու փոքր ընտանիքին, բարեկամներուն ու ընկերներուն։
Կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն դէմ պայքարած, կեանքով լեցուն Պետիկին կեանքի թելը կը կտրուէր յանկարծ յետ ծանր հիւանդութեան մը, խոր վիշտ պատճառելով իր սիրելիներուն ու առհասարակ զինք ճանչցողներուն սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ։
Վստահօրէն Պետիկը միշտ պիտի յիշուի, որպէս նուիրեալ մէկ անդամը մեր եկեղեցիին, յար եւ նման այն նուիրեալներուն, որոնց սրտին ու հոգիին մէջ յատուկ տեղ տրամադրուած է քրիստոնէական արժէքներուն, Քրիստոսի աւանդին ու հայու արժանիքներուն։