image

Ապրուած պահեր... Սիւրմէեան սրբազան եւ Մարսիլիա (Սարկաւագի մը անցեալի յուշերէն - Բ. Մաս)

Ապրուած պահեր... Սիւրմէեան սրբազան եւ Մարսիլիա (Սարկաւագի մը անցեալի յուշերէն - Բ. Մաս)

Վերադառնանք Պօմոն, 1948-ի վերջերը։ Մեր երկու (կիսա)սարկաւագները Արթինն ու Զենոնը իրարու հետ քէնցեր էին եւ ատենէ մը ի վեր եկեղեցի չէին գար։ Պատարագի սպասարկութեան պարտականութիւնն ալ ինկեր էր 16 տարեկան պատանիիս ուսերուն։ Տէր Սահակ՝ Սրբազանին խնդրագիր գրեց որ զիս կիսասարկաւագ ձեռնադրէ. ատոր համար ալ ի պահանջել հարկին Փարիզ ելլեմ։ Կամ գոնէ արտօնէ որ՝ մօտալուտ զատկական տօներու առթիւ ուրար կրեմ որպէսզի խորանին առջեւ ուրարակիր մը ըլլայ։ Սրբազանը պատասխաներ էր որ՝ Զատկէն յետոյ Մարսիլիա պիտի գայ քահանայ ձեռնադրելու համար, եւ այդ առթիւ զիս ալ ընծայացուին հետ միասին կը ձեռնադրէ։ Այդպէս ալ եղաւ բայց… մինչ այդ սատանան իր հրաշքները գործեր էր. ոչ թէ մէկ, այլ երկու հրաշք։ Չես գիտեր որո՞ւ «կնքահայրութեամբ» Արթինն ու Զենոնը հաշտուեր էին, եւ Զատկին յաջորդող երկրորդ Աշխարհամատրան (Կանաչ) կիրակին եկեղեցի եկան։ Մին խնկարկեց, միւսն ալ Աւետարան կարդաց. ես ալ… քշոց բռնեցի։ Երկրորդ հրաշքն այն էր որ՝ մեր բազմաթիւ Յարութիւններէն երկուքը, Նիկողոսեանը (50-ը լայնօրէն անց), եւ Արսլանեանը՝ 40 տարեկան, որոնք ԵՐԲԵՔ բուրվառ մը բռնած ու խորան բարձրացած չէին, յայտնուեր էին որպէս կիսասարկաւագութեան թեկնածուներ։ Երկուքն ալ ծանօթ կուսակցութեան անդամ էին, եւ կիսասարկաւագի ձեռնադրութիւնը զուտ եկեղեցական խնդիրէ ելլելով դարձեր էր նաեւ կուսակցական հարց…։ Կրնանք ասոնց աւելցնել որ՝ մեր Չոլախ Արթինն ալ կը յաւակնէր սարկաւագութեան աստիճանի…։

Ընթերցողը թող հոս ալ ներէ որ փակագիծ մը բանամ ի լուսաբանութիւն իրեն։ Ժողովրդական իմացութեամբ, ասացուածքով կիսասարկաւագը սարկաւագ է, իսկ սարկաւագը՝ աւագ սարկաւագ, ինչ որ սխալ է։ Բուն սարկաւագին ալ երբեմն կը տրուի աւագութեան պատիւ,– ինչպէս քահանային,– ի գնահատութիւն անոր երկարամեայ ծառայութեան։ Սարկաւագութեան աստիճանը նուիրապետութեան երկրորդ աստիճանն է։ Անոր ձեռնադրութիւնը կը կատարուի բեմին վրայ, Ս. Պատարագի ընթացքին. ընծայեալը ուրարը թեւին ծնրադիր կը բարձրանայ բեմին աստիճանները, եւ «Աստուածային ու երկնաւոր շնորհ» շարականի պահուն, կը դառնայ դէպի արեւմուտք, եւ ձեռքերը վեր բարձրացնելով կը հրաժարի աշխարհէն։ Մեր եկեղեցւոյ մէջ այդ աստիճանի մարդիկ քիչ եղած են, որովհետեւ սարկաւագ ձեռնադրուելու համար պէտք էր եկեղեցական դառնալու խոստում տալ, ուխտ ընել։ Անոնք ընդհանրապէս վանքերու մէջ կ՚ըլլային. ժառանգաւորացի ընթացքը աւարտողը եթէ աբեղայ դառնալու խոստում ընէր, կը ձեռնադրուէր սարկաւագ եւ այդ աստիճանի վրայ վանքին կը ծառայէր երկու կամ երեք տարի, մինչեւ աբեղայ ձեռնադրուիլը եւ վեղար առնելը։ Ծխական եկեղեցիներու մէջ ալ աւելի քիչ էին սարկաւագները. անոնք քահանայացուներ էին, որոնք նախքան քահանայական ձեռնադրութիւնը մի քանի շաբաթ միայն կը մնային սարկաւագ։ Նշենք որ՝ սարկաւագութեան աստիճանը կ՚ենթադրէ ծիսագիտութիւն, շարականագիտութիւն, եւ կրօնագիտութեան ու աստուածաբանութեան գոնէ տարրական գիտելիքներ։ Եւ յիշեցնենք որ՝ եթէ կիսասարկաւագը միայն Աւետարան կը կարդայ, սարկաւագը վերաբերում ալ կը կատարէ։ Եւ քահանայի բացակայութեան պարագային՝ անոր արտօնուած է ննջեցեալ թաղել։ Բայց այսչափ միայն. ներկայի կաթոլիկ եկեղեցւոյ պէս, անոր արտօնուած չէ ո՛չ երախայ մկրտել, ո՛չ ալ հաղորդութիւն տալ։ Եւ կը փակենք մեր այս թերեւս քիչ մը երկար փակագիծը, յիշեցնելով որ՝ սարկաւագները շատցան մեր եկեղեցւոյ մէջ Ա. համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք, Ամերիկայէն սկսեալ, եւ այդ սովորութիւնը տարածուեցաւ կամաց-կամաց ամբողջ Սփիւռքի մէջ։

 

*  *  *

Սէն-թ՚Անթուանի Սուրբ Թադէոս-Բարթուղիմէոս եկեղեցւոյ ծուխը ամիսներէ ի վեր մնացեր էր առանց քահանայի։ Իր հոգեւոր հովիւը Մարաշցի Տէր Ներսէս Շահինեան,– որ զարգացած եւ գրչի տէր մարդ էր, եւ պատերազմի տարիներուն պատրաստեց դուրսէն չստացուող օրացոյցերը,– Ամերիկա մեկներ էր իր գլխուն ճարը նայելու համար,– առանց հայրապետական պատուիրակի արտօնութեան։ Եւ այս վերջինն ալ ետեւէն արձակեր էր կարգալուծման հրաման, զոր յետոյ Գէորգ կաթողիկոս բեկանեց։ Այդ ծուխը Մարսիլիոյ ամէնէն աղքատներէն մէկն էր։ Այդ բանուորական թաղի ժողովուրդը կ՚աշխատէր գլխաւորաբար նաւահանգիստը (Իսկելէն) եւ յարակից ձեռնարկութիւններուն մէջ, որոնք պատերազմի պատճառով անդամալուծուած էին, չէին աշխատեր։ Եւ մարդիկ կ՚ապրէին գործազուրկի ողորմելի նպաստներով։ Տան կողքին թիզ մը հող ունեցողը հոն բանջարեղէն կը մշակէր, հաւ ու նապաստակ կը բուծէր։ Ժողովուրդէն քիչ մըն ալ աւելի աղքատութեան մէջ կը լողար չորս զաւակի տէր, քահանային կիսաքաղց ընտանիքը։ Այն ատեն քահանաները այսօրուան պէս salarié déclaré չէին, չէին ստանար ընտանեկան յատկացում, allocations familiales։ Տէր հայրը համբաւուած էր որպէս պարկեշտ, աչքը կուշտ մարդ, եւ 10 տարի այդ ծուխին մէջ, այդ պայմաններու տակ ծառայելէ ետք, ընտանիքին հետ մեկներ էր Ամերիկա։ Ճանապարհածախսն ալ պարտքով վճարելով, ինչպէս յետոյ իմացուեցաւ։

Թաղեցիները ի վերջոյ գտեր էին քահանայացու մը, յանձին Զէյթունցի Աւետիս Կատարինեանի։

Ան՝ մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներուն աշակերտեր է Սիսի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ժառանգաւորացին, ուր եւ ստացեր է դպրութեան չորս աստիճանները։ Ապա, շատ երիտասարդ, եկեր էր Մարսիլիա եւ դպրութիւն ըրեր, տեղւոյս այն ատենուան Ս. Յարութիւն մատռան մէջ. 1915-ին կամաւոր արձանագրուեր էր հայկական լեգէոն։ Ա. համաշխարհայինի աւարտին ֆրանսական քաղաքացիութիւն ստացեր, եւ ասով ալ մտեր էր Մարսիլիոյ թրամվայի ընկերութեան մէջ որպէս վարորդ wattman։ Թոշակի անցնելով, ներկայացեր էր քահանայութեան ծառայութեան։ Միջահասակ կազմով, 61 տարեկան էր։

Մինչեւ որ… հասաւ սարկաւագութեան աստիճանի ձեռնադրութիւններու օրը՝ Հինգշաբթի, 26 Մայիս 1949-ին, Համբարձման տօնին, Սուրբ Թադէոս-Բարթուղիմէոս եկեղեցւոյ, աւելի ճիշդ մատռան մէջ, ուր առաջին անգամ ըլլալով ոտք կը դնէի։ Անշուք, ափ մը մատուռ, փարսախներով հեռու այսօրուան աղօթարանէն, նեղ բեմով, նեղ դասով, առանց վերնատան ու զանգակատան. եւ ուր խռնուեցան քաղաքիս միւս, փակ եկեղեցիներուն քահանաները, դպիր-սարկաւագները եւ շատ ժողովուրդ։ Այն ատեն, մուտքի դռան երկու կողմերը կային մէկ-մէկ լայն պատուհաններ, որպէսզի բակին մէջ մնացած ժողովուրդը,– մեծամասնութիւն մը,– կարենայ այդպէս արարողութեան հետեւիլ։ «Փառք ի բարձունս»-էն յետոյ սկսաւ զանազան աստիճաններու ձեռնադրութեան կարգը։ Ընծայացուն կորսնցուցած ըլլալով իր դպրութեան վկայականը, Սրբազանը ա.բ.գ.-էն սկսաւ եւ ընծայացուին հետ դպրութեան չորս աստիճանները ստացան այդ թաղէն երկու երիտասարդներ, եւ Ս. Գէորգի ծուխէն ալ ուրիշ մը, որ յետոյ կիսասարկաւագ ալ դարձաւ։ Կարգը եկաւ մեզի կիսասարկաւագ դառնալու. մենք մեր շապիկները մեր եկեղեցիներէն բերեր էինք, բայց միտք չէինք ըրեր հողաթափ ալ բերելու։ Սրբազանը հրամայեց որ՝ գուլպայով կենանք…։ Մեր ձեռքին տրուեցաւ պատարագի զգեստ փիլոն, սկիհ եւ այլն։ Հոն մի՛այն երկու հատ ուրար կար, որոնք առնուեցան այդտեղի երկու կիսասարկաւագներուն ուսերէն. մէկը տրուեցաւ ընծայացուին ուսին, միւսն ալ մէկ ծայրէն միւսը փռուեցաւ հինգ նորընծայ կիսասարկաւագներուս ուսերուն վրայ։ Սկսաւ պատարագը որու ընթացքին ընծայացուն սարկաւագ պիտի ձեռնադրուէր։ Վերեւ գրեցի որ մեր Արթինն ալ աստիճանի բարձրացում կ՚ակնկալէր։ Ան՝ հակա-Պալաքեան խմբակի պարագլուխ, Թարգմանչաց եկեղեցւոյ մենատէր, գրոց-բրոց Ենովք Արմէնին քենիին փեսան էր։ Եւ Ե. Արմէնը Սրբազանին մօտ միջնորդեր, բարեխօսեր էր այդ մասին։ Սրբազանը պահանջելով որ ան՝ եկեղեցական դառնալու խոստում տայ, քննութեան ենթարկեր էր Արթինը ու տեսեր որ ամէն ինչով «զի քո է կարողութիւն» է. ո՛չ ծիսագիտութիւն, ո՛չ շարականագիտութիւն, ո՛չ կրօնագիտութիւն։ Նոյնիսկ հայերէն ուղիղ գրել չէր գիտեր…։ Եւ կտրուկ մերժեր էր, բայց Ե. Արմէն ինքզինք պարտուած չէր նկատեր։ Ս. Թադէոսի բեմը նեղ էր. երբ Սրբազանին աթոռը դրուեցաւ, առջեւէն անցնելու տեղ չկար, եւ ան հրամայեց որ՝ հոգ չէ, ընծայացուն դասին մէջ ծունկի գայ. ՍՔԱՆՉԵԼԻ ԱՌԻԹ FORCING ԸՆԵԼՈՒ։ Ե. Արմէնի դրդումով Արթինն ալ գնաց ծունկի եկաւ. ասոր ետեւէն ալ անմիջապէս Զենոնը։ Սրբազանը երկու անգամ հրամայեց որ՝ տեղերնէն ելլեն, բայց ի զուր. կարելի չէր ընծայացուին ձեռնադրութեան կարգը կասեցնել։ Բարկացած,– «դեռ ուրիշ թեկնածուներ եթէ կան, թող գան անոնք ալ ձեռնադրեմ» ըսաւ։ Իսկոյն, Ս. Թադէոսի (կիսա)սարկաւագներէն Գաբրիէլ Տէր Նազարէթեանը եւ Վարդան Պանտիկեանը գացին ծնրադրուիլ, եւ մենք քաղաքիս մէջ փոխան մէկի, ունեցանք հինգ (աւագ) սարկաւագներ։ Յաջորդող շաբաթ իրիկուն, կեդրոնի Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ընծայացուին կոչման կարգը. ան ծնրադիր եկեղեցիի դռնէն մինչեւ դասը յառաջացաւ, խոստովանեցաւ ճիշդ դաւանութիւնը, նզովեց աղանդաւորները։ Յաջորդ օրը՝ Կիրակի ալ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւնը, որու ներկայ ըլլալով Սէն-թ՚Անթուանցիները եկեր էին մեծ բազմութեամբ։ Նորընծան վերակոչուեցաւ Տէր Ներսէս, իր նախորդին պէս։ Ան շուտով ի յայտ եկաւ որպէս ասող-խօսող, մարդամօտ մարդ, լաւ քարոզիչ, եւ չափազանց սիրուեցաւ իր ծխականներէն։ Աւա՜ղ իր քահանայութիւնը տեւեց միայն 12 տարի. զոհ գնաց անողոք հիւանդութեան։

Երբ յաջորդ Կիրակի Պօմոնի եկեղեցին գացի, տեսայ որ՝ մեր դպրապետ Լեւոն էֆէնտի Ճերահեանը աւանդատան դռան վրայ թուղթ մը փակցուցեր էր սպասարկութեան հերթերը սահմանող։ Ես կու գայի… 5-րդ դիրքի վրայ։ Ուստի, «անգործութեան» կիրակիներս օգտագործեցի քաղաքիս միւս բոլոր եկեղեցիները այցելելու ուր «պզտիկ սարկաւագս» լաւ ընդունելութիւն գտաւ. առաջին Աւետարանս ալ կարդացի Թարգմանչաց եկեղեցւոյ մէջ։ Նոյն աշնան մտայ Մեծն Կոմիտաս վարդապետի աշակերտ՝ Վարդան Սարգսեանի ղեկավարած ԱՐՄԵՆԻԱ երգչախումբը, որու կրտսերագոյն անդամը եղայ մինչեւ անոր լուծարքը 1945-ին։ Ձայնագրութիւն (solfège) չէի գիտեր։ Քաղաքիս պետական երաժշտանոցը աշակերտ չէր ընդուներ առանց տուեալ ճիւղին քննութեան. պէտք էր տարրական գիտելիքներ ունենալ նախապէս։ Ուստի, մինչեւ յաջորդ ամառ պրն Սարգսեանէն վճարովի դասեր առի, եւ տեսականն ալ (théorie) լրացուցի Solfège des Solfèges գիրքով։ Սարգսեան ընտանիքը կը բնակէր Թարգմանչաց եկեղեցիին ընդարձակ պարտէզին ետեւը գտնուող փոքր տան մը մէջ, այժմ քանդուած։ Երբ Յունիսի տաք երկուշաբթի իրիկուն մը գացի վերջին դասիս համար, տեսայ որ Սրբազանը նստեր է պարտէզին մէջ, տան առջեւ։ Ան եկեր էր դիմաւորելու համար Կիլիկիոյ Գարեգին Ա. Յովսէփեան կաթողիկոսը,– որ ընկերակցութեամբ այն ատեն շատ երիտասարդ Դերենիկ եպիսկ. Փոլատեանի,– Ֆրանսա կու գար դարմանուելու համար։ Երբ Սրբազանին աջը առի, հետաքրքրուեցաւ այցելութեանս շարժառիթին մասին. եւ երբ տեղեկացաւ, խնդրեց պրն Սարգսեանէն դասին ներկայ ըլլալ։ Տիկ. Սարգսեան շատ հիւրասէր կին էր. ան միշտ տուփի մը մէջ պատրաստ պզտիկ խմորեղէն մը ունէր այցելուին հրամցնելու համար։ Ապա, Սրբազանը փափաքեցաւ պահ մը հետս զրուցել, եւ գացինք պարտէզը նստանք, ուր տիկ. Սարգսեան զովացուցիչով եւ խմորեղէնով մեզ հիւրասիրեց։ Ան հետաքրքրուեցաւ անձովս, ցաւեցաւ հօրս մահուան եւ թելադրեց որ օգտակար ընթերցանութիւններով լրացնեմ կիսատ մնացած ուսումս, աւելցնելով որ շատ մեծ մարդիկ ինքնաշխատութեամբ հասած են նախանձելի դիրքերու։ Այդ պահուն իր հայրական շեշտով ու մօտեցումով, Արտաւազդ Սրբազան կատարեալ հակապատկերն էր փիլոնի տակ այն խստաբարոյ եպիսկոպոսին…։

Յաջորդ կիրակի Թարգմանչաց եկեղեցին խիտ բազմութեամբ լեցուն էր ուր պատարագեց ինք՝ Սրբազանը։ Քարոզի պահուն, բեմին դրուեցաւ լայն բազկաթոռ մը, որու վրայ նստած, ասան ձեռքին քարոզեց Գարեգին Վեհափառը, նիւթ ունենալով կոյրերուն աղաչանքը «Տէր մեր աչքերը բացուին»։ Համակ շարժում ու կենսունակութիւն էր այդ «հիւանդ» ծերունին, որու բերնէն աղբիւրի պէս կը բխէին խօսքերը։ Արտաւազդ Սրբազան քանիցս փորձեց ընդհատել.– «Վեհափառ, խնայեցէք դուք ձեզի, մեղք էք» ըսելով, բայց ի զուր։ Ամէնէն վերջ, Վեհափառը ջղայնացած ըսաւ.– «Թողէք որ իմ ժողովուրդին խօսիմ»։ Այդ պահուն. ո՞վ պիտի ըսէր թէ՝ Սրբազանը որ Գարեգին կաթողիկոսէն գոնէ 20 տարի փոքր էր, յաջորդ տարի ինք առաջինը պիտի մեկնէր այս աշխարհէն։

Վերջին անգամ Սրբազանը տեսայ 1951 Փետրուարին. ան դարձեալ հոս էր եւ Վարդանանց հերոսամարտի 1500-ամեակին առթիւ պատարագեց Պօմոնի եկեղեցիին մէջ որ՝ հակառակ օրը լուր օր ըլլալուն, կուռ լեցուն էր։ Տէր Սահակին կարգադրութիւնով ես զգեստաւորեցի Սրբազանը, եւ եմիփորոնն ալ կանոնաւոր պլլեցի, կոճկեցի. եւ ան շատ գոհ մնաց։ Մի քանի վայրկեան յետոյ, երբ թափօր պիտի կազմէինք, հրահանգեց.– «Այսօր Ստեփանը թող սպասարկէ, եւ Աւետարանն ալ կարդայ»։ Հոն էին երեք այլ սարկաւագներ, ի շարս որոնց ամէնէն հին (աւագ) սարկաւագը, եւ կարելի է անոնց մռութները երեւակայել…։ Ես Սրբազանին այդ վերջին շնորհը նկատեցի ազնիւ փոխհատուցում ականջիս ցաւին։ Մի քանի ամիս յետոյ, տեղեկացանք իր եղերական վախճանման մասին, եւ խորապէս ցաւեցայ։ Տէրը լուսաւորէ իր հոգին։

 

*  *  *

Սիւրմէեան Սրբազանի թաղման նախագահելու համար Պէյրութէն Փարիզ ժամաներ էր իր եպիսկոպոսութեան օծակից՝ Խադ արքեպիսկոպոս Աջապահեան, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ընդհանուր փոխանորդն էր։ Հանգուցեալ Սրբազանի տմարդի արտաքսման մեղքը քաւելո՞ւ համար, թէ՞ այլ նպատակներով ֆրանսական իշխանութիւնները ամէն տեսակ պատիւ շռայլեր էին Խադ Սրբազանին, մինչեւ Պատուոյ լեգէոնի (Légion d'honneur) շքանշանով անոր կուրծքը զարդարելու։ Սրբազանը հոս ալ եկաւ եւ Նոյեմբերի սկիզբը Թարգմանչաց եկեղեցւոյ մէջ քահանայական ձեռնադրութիւն ալ կատարեց։ Նախորդող ամիսներուն «կոտորած» ինկեր էր քահանայից դասուն վրայ. անոնցմէ երկուքը իրարու ետեւէ վախճաներ էին, եւ այրիացած Տէր Սահակ Ամերիկա մեկներ էր իր ծերութեան օրերը հոն բնակող իր տղուն քով անցընելու նպատակով։ Եւ Մարսիլիա մնացեր էր երեք տէրտէրով։ Հոս հապճեպով գտնուեր էին երեք թեկնածու. Պօմոնի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին համար՝ Համբարձում Համբարձումեան, Գապիւսէլի Ս. Յակոբին համար՝ Թադէոս Հայրապետեան, Գամփանեը Ֆրէզի Ս. Կարապետին համար՝ Վարդան Պանտիկեան։ Առաջինը վերակոչուեցաւ Տէր Հմայեակ, երկրորդը՝ Տէր Պսակ, եւ երրորդն ալ Տէր Հայկազուն։ Այս երկրորդ քահանայական ձեռնադրութիւնն էր որու ականատես կ՚ըլլայի։ Երրորդը՝ որու շատ տարիներ յետոյ սպասարկու ալ պիտի ըլլայի, տեղի պիտի ունենար Մարսիլիայէն շատ հեռու… Երեւանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Կ՚անդրադառնանք անոր մասին յաջորդ յօդուածաշարքով մը։

 

*  *  *

Մէկ-երկու շաբաթ ետք, կրօնական ժողովէն երկտող մը ստացայ յաջորդ հինգշաբթի օր իրեն ներկայանալու հրաւիրող։ Տէր Աստուած, ի՞նչ ըրեր էի, ի՞նչ մեղք գործեր էի որ զիս ատեան կը կանչէին… բարձրացայ շէնքին չորս յարկերը եւ հասայ «Առաջնորդարան» կոչուող պզտիկ ձեղնասենեակը (mansarde), ուր երեք տէր-պապա մէկ կողմ նեղ սեղանի մը շուրջ նստած էին, իսկ միւս անկիւնն ալ քարտուղար Մինասեան կծկտած էր ելեկտրական պզտիկ ջեռուցիչի մը դիմաց։ Քահանաները ինծի ըսին որ՝ Համբարձումեանը քահանայ ձեռնադրուած ըլլալով, Սէն Լուի Ս. Գէորգ եկեղեցին դպրապետ չունի, եւ ես պէտք է երթամ ու հոն դպրապետութիւն ընեմ։ 19 տարեկան էի հազիւ, եւ առարկեցի որ՝ շատ պզտիկ եմ նման պաշտօնի համար, եւ ըսի որ այդպիսի բանի ալ փորձառութիւն չունիմ։ Պատասխանեցին որ՝ ուրիշներէն շատ աւելի բան գիտեմ, լաւ ձայն ունիմ, թէ դարբնելով է որ մարդ դարբին կը դառնայ, թէ խաղաղ եկեղեցի է, թէ Տէր Բաբգէնին ձեռքին տակ «մարդոց մէջ ելլել ալ կը սորվիմ»։ Ազատելու ճար չկար, հնազանդեցայ, եւ յաջորդ կիրակին գացի։ Այն օրերուն Ս. Գէորգը ոչ թէ փարսախներով, այլեւ լուսնային տարիներով հեռու էր ներկայ վիճակէն։ Չկար ո՛չ բանկալ, ո՛չ զանգակատուն, ո՛չ վերնատուն. եւ բնականաբար չկար ալ երգէոն։ Չկար նոյնիսկ ուղղահայեաց գրակալ, եւ շարակնոցը կը դրուէր Աւետարանի տափակ գրակալին վրայ, դժուար ընթեռնլի դարձնելով շարականները։ Շապիկներ ու զգեստներ ողորմելի վիճակի մէջ էին։ Ատեանին մէջ դրուած էր փայտով եւ ածուխով տաքցող վառարան մը, որու մուխը կը խառնուէր խունկի մուխին, երբ քամին թերս փչէր… մէկ խօսքով, իր շինութեան 20 տարիներուն գամ մը անգամ չէր աւելցած հոն։ Հոգեւոր հովիւը Տէր Բաբգէն Արսլանեան, ինք ալ քահանայի զաւակ,– աւազանի անունով Մաղաքիա,– ծնած էր Բաբերդի հայաբնակ Լուսոնք գիւղը ուր հօրը կողքին դպրութիւն եւ ուսուցչութիւն ըրեր էր։ Ինչպէս կը պատմէր գրքոյկով մը, 1915-ին ուրիշ տասնեակներով տղոց հետ, բարձրացեր էին լեռներով ուր սկսելով երկու հրացանով միայն, բաւական թուրք «իջեցուցեր» էին, տիրանալով անոնց զէնքերուն, դրամներուն եւ համազգեստներուն։ Ամառը, մարտնչելով, տեղէ-տեղ փախելով անցուցեր էին եւ Սեպտեմբերին, աշնան ցուրտերը չկոխած, երկու ջոկատ կազմելով, թուրք զինուոր ձեւանալով, 20 օր քալելէ յետոյ յաջողեր էին հասնիլ ճակատի գիծը եւ ռուսական կողմը անցնիլ։ Ա. Հանրապետութեան անկումէն յետոյ, Ֆրանսա անցեր էր եւ բանուորական ծանր աշխատանքով ապրեցուցեր էր իր բազմանդամ ընտանիքը, նոյն ատեն նուիրուելով կուսակցական աշխատանքի։ Եւ չորս տարի առաջ ալ, հասուն տարիքին քահանայացեր։ Բաւական լաւ շարականագէտ էր եւ ծիսագէտ. եւ ջանաց մոռնալ եւ մոռցնել իր կուսակցական անցեալը։ Չէր մոռցած, չէր կրնար մոռնալ «Երկիրը». իր համարձակ քարոզները աւելի ազգասիրական էին քան կրօնական, եւ յաճախ կը վերջանային Թուրքին գլխուն անէծք կարդալով։ Chassez le naturel, il reviendera au galop. մօտ երեք տարի ծառայեցի իր մօտ, եւ ինք շատ բանով եղաւ ինծի երկրորդ հայր մը։ Տէր Հայրը պարտաճանաչութեան մարմնացումն էր։ Երբ լսէր որ՝ մէկը հիւանդ է, ըլլայ ան ծխական կամ ոչ, անմիջապէս խաչ, Մաշտոց, Նարեկ սրբատուփ առած կ՚երթար մօտը, աղօթելու։ Իր մօտ անցուցած առաջին Զատկի Ճրագալոյցին, երեկոյեան արարողութիւնը սկսելէ առաջ, ժամը 4-ին եկեղեցի եկաւ եւ ինքզինք նետեց աթոռի մը վրայ, գրեթէ շնչասպառ. ամբողջ օրը ծոմ բերնով պտըտեր էր հիւանդանոցները հայ հիւանդներուն հաղորդութիւն տալու համար։ Կիներուն թախանձանքները՝ թէյ մը, կամ նոյնիսկ գաւաթ մը պարզ ջուր խմելու, անցան ի զուր։ Ծոմ պատարագեց եւ տուն գնաց։ Այն ատեն տէրտէրները կառք չունէին եւ մէկ արուարձանէն միւսը հարկ էր երկու թրամվէյ նստիլ, եւ երբեմն ալ բաւական քալել։ Իսկ յաջորդ օրն ալ Զատկին առաւօտուն ժամը 7-ին եկեղեցին էր, առաւօտեան ժամերգութիւնը սկսելու համար։ Այս պատկերը երբեք իմ մտքէս չկրցայ հանել։ Տէր հօր կեանքը աւա՜ղ կարճ եղաւ – զոհ գնաց անողոք հիւանդութեան հազիւ 63 տարեկանին։ Յուղարկաւորութեան օրը,– որու նախագահեց նորանշանակ հայրապետական պատուիրակ Սերովբէ ծայրագոյն վարդապետ Մանուկեան,– բազմահարիւր մարդիկ փութացեր էին քաղաքիս ամէն թաղերէն եւ բաւական երկար ճամբայ դագաղը ուսամբարձ տարին։ Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։ 

Ինձմէ հազիւ տարիքով մեծ, չորս «առիւծի պէս» տղայք կու գային շապիկ հագուիլ. Ղուկաս, Եփրատ, Գրիգոր եւ Շահան։ Անոնք բաւական վարժ պատարագ կ՚երգէին. դպրութիւն կ՚ընէր նաեւ Խարբերդցի Սերոբ Գինոսեան, շուրջ 40 տարեկան. թունդ ազգասէր-հայրենասէր, որ բաւական լաւ ձայն ունէր բայց կ՚երգէր խելքին փչածին պէս. ո՛չ թոնին կը նայէր, եւ ո՛չ չափին։ Ի հարկէ, կրկին տարիքս մարդուն հետ դժուար էր խօսիլ, մա՛նաւանդ որ իրենք տեղացի էին, ես նորեկ օտար։ Ուստի ձայն բռնելու համար ձայնացոյց մը (diapason) անհրաժեշտ էր. ատոր երկու տեսակը կար. առաջինը պայտաձեւ եւ գունտով մը վերջացող, որ տեղ մը թեթեւ մը զարնելով կու տայ la ձայնը։ Երկրորդը՝ բաղկացած չորս փոքր փողերէ, կու տայ ré, fa, sol, la ձայները. ես այս վերջինէն հատ մը գնեցի եւ յաջորդ կիրակի եկեղեցի բերի գործածեցի։ Պատարագի աւարտին, «թաղականներէն Մշեցի… ախպարը զիս կանչեց եւ դուռը մատնացոյց ընելով խիստ թոնով ըսաւ,– «որ մէկ էլ էդ տուտուկը փչես, երթաս բարի»։ Ամէն բացատրութիւններս անցան ի զուր, մարդը բան հասկնալ չուզեց,– «որ մէկ էլ տուտուկ փչես, երթաս բարի»։ Հարկ եղաւ Տէր հօր միջամտութիւնը. չեմ կարծեր որ մարդը աւելորդ բան մը հասկցաւ, բայց քահանայէն պատկառելով լռեց։ Յետոյ պիտի իմանայի որ՝ ոչ միայն հոդ, այլեւ արուարձանի ուրիշ եկեղեցիներուն մէջ «թաղական» եղող մարդոց ոմանք, իրենք զիրենք թագաւորիկ (roitelet) կը կարծէին…։

Այն ատեն Սէն Լու - Կրան Փէնի թաղը զուտ հայաբնակ էր, շուրջ 300 տնուոր։ Փողոցի վրայ եղող «քիչ մը տունի նմանող» շինութիւններու ետեւները բակերու, պարտէզներու մէջ կային բազմաթիւ տնակներ, խրճիթներ մէկ կամ երկու սենեակնոց, ամէն կենցաղական յարմարութենէ զուրկ, ուր երբեմն կ՚ապրէին 4 կամ 5 հոգինոց ընտանիքներ։ Եւ հոն սովորութիւն կար Յունուար 5-ի գիշերը Աւետիս պտըտելու. ես ալ ուրեմն միացայ տղոց, եւ երեկոյեան ժամը 9-էն մինչեւ առտուան 6, տունէ- տուն, ծնծղաները ձեռքերնիս Աւետիս պտըտեցանք,– «Այսօր տօն է սուրբ Ծննդեան, աւետիս», ապա «խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի»։ «Հարուստ» թէ աղքատ, բոլորն ալ կը սպասէին, եւ քուներնէն ալ ելլելով, բարի ընդունելութիւն կ՚ընէին. հոս խմորեղէններ, հոն շաքարներ, երբեմն տաք թէյ, եւ անշուշտ դրամական նուէրներ, զորս իր վերարկուին գրպաններուն մէջ հաւաքեց մեզի առաջնորդող կամ ղեկավարող «ճարպիկ, աչքաբաց» ուրիշ թաղական մը։ Ամբողջ գիշերը ձիւնած էր եւ առատ. վրայ-գլուխ ճեփ-ճերմակ եղած էր։ Երբ առաւօտուն եկեղեցի վերադարձանք, մարդը գրպանէն քանի մը թղթադրամ ասոր, քանի մը հատ ալ անոր տալու ելաւ։ Իսկոյն պարո՛ն .…. ըսի,– «սա դրամները գրպանէդ սեղանին վրայ թափէ, ամէնքս միասին հաշուենք եւ բոլորիս, մեծ ու պզտիկ հաւասար բաժնենք։ Մարդը կարծէք զիս պիտի ուտէր, բայց տղաքը բոլորն ալ զօրավիգ հանդիսացան, եւ ան ստիպուած հաւասար բաժնեց հաւաքուած դրամը, որ քիչ ալ չէր։ Յաջորդ տարին չընկերացաւ մեզի…։

Կարճ տեւած Ս. Գէորգի դպրապետութիւնս ինծի համար եղաւ հանրային կեանքի առաջին փորձառութիւնս։ Անպետական, անղեկավար «պաշըպոզուք» ժողովուրդ, սանդուխին վերի աստիճանէն մինչեւ վար։ Զարմանա՞լ թէ ինչու մենք անցնող 30 տարիներուն ընթացքին չյաջողեցանք այդ անունին արժանի պետութիւն կառուցել։

 

Նիւթը ՝ «Նոր Յառաջ»էն 

Հեղինակ՝ Ստեփան Ա. Սրկ. Պօղոսեան

Մարսիլիա, Սեպտեմբեր 2021