image

Պայտըն «կանաչ լոյս» տուած է Անգարային արդիական զէնքեր ծախելուն

Պայտըն «կանաչ լոյս» տուած է  Անգարային արդիական  զէնքեր ծախելուն

Պայտընի վարչակազմը Քոնկրեսէն կը խնդրէ հաւանութիւն տալ Թուրքիոյ ժամանակակից զէնք վաճառելուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը:

Ի յայտ եկած է, որ բացի «ԷՖ-16»-ներէն, Թուրքիան Միացեալ Նահանգներէն պահանջած է նաեւ աւելի քան 400 միլիոն տոլարի «օդ-օդ» հրթիռներ, «ԷՅՄ-9 Սայտուայնտըր», «ԷՅՄ-120 Ամրաամ», ինչպէս նաեւ ռատարներ եւ այլ սպառազինութիւն:

Հոկտեմբերի սկիզբը արեւմտեան լրատուամիջոցները հաղորդած էին, որ Թուրքիան մտադիր է գնել «ԷՖ-16 պլոք 70/72 Վայփըր» սերունդի 40 հալածիչներ եւ արդիականացնել թրքական օդուժին մօտ գտնուող 80 «ԷՖ-16»-ները:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն: