Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Չինաստանի ղեկավար Սի Ծինփինի հետ, իր իսկ բնութագրմամբ, «կառուցողական բանակցութիւններէն» ետք կրկին յայտարարած է, որ Սին, իր կարծիքով, բռնապետ է:
«Տեսէք, ան բռնապետ է այն իմաստով, որ ան տղայ մըն է, որ կը ղեկավարէ երկիր մը, որ համայնավարական երկիր է՝ հիմնուած կառավարման այնպիսի ձեւի վրայ, որ բոլորովին այլ է, քան մերը», -ըսած է Պայտըն CNN-ին:
«Ամէն պարագայի, մենք առաջընթաց գրանցեցինք», -աւելցուցած է ան:
Աղբիւրը յիշեցուցած է, որ Պայտըն Սին բռնապետ անուանած էր նաեւ այս տարուան յունիսին:
Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան արձագնագը Պայտընի ըսածին չէ ուշացած. գերատեսչութիւնը «սխալ ու անպատասխանատու» համարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի խօսքերը։
«Այս յայտարարութիւնը չափազանց սխալ է եւ անպատասխանատու: Չինաստանը վճռականօրէն դէմ է քաղաքական մանիփուլացիաներուն», - ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մաո Նինկը: