image

Պէյրութ. Հայերէն գիրքերու փոխանակման օր՝ Մեսրոպեան Վարժարանին մէջ

  Պէյրութ. Հայերէն գիրքերու փոխանակման օր՝ Մեսրոպեան Վարժարանին մէջ

Պէյրութի հայկական դպրոցներուն մէջ գիրքը միայն ուսումի միջոց չէ, այլ նաեւ սէր, երեւակայութիւն եւ լեզուի պահպանման կամուրջ։ Այդ ջերմ մթնոլորտին մէջ, Մեսրոպեան Վարժարանին մէջ կազմակերպուեցաւ հայերէն գիրքերու փոխանակման գեղեցիկ նախաձեռնութիւն մը, ուր փոքրիկ աշակերտները իրարու հետ կիսեցին ընթերցանութեան ուրախութիւնը եւ հայերէն գիրքերու աշխարհը բացայայտելու հաճոյքը։

 Այս մասին «Արեւելք» վերահասու  դարձաւ   Մեսրոպեան Վարժարանի դիմատետրեան էջէն։

 

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Տեղի ունեցաւ հայերէն գիրքերու փոխանակման հաճելի միջոցառումը` Մեսրոպեան վարժարանի 2-րդ եւ 3-րդ դասարաններու աշակերտներուն մասնակցութեամբ: Հայերէնի ուսուցչուհիներ` Վերժին Սաաթճեանի եւ Արաքսի Աջապահեանի կողմէ կազմակերպուած միջոցառումը խրախուսեց աշակերտները իրարու հետ կիսուիլ ընթերցանութեան ուրախութեամբ։

Այս փոխանակումին միջոցով աշակերտները յայտնաբերեցին հայերէն նոր գիրքեր։ Անիկա նախատեսուած էր զարգացնելու ընթերցանութեան սէրը եւ զգալ տալու կիսուելու ոգին:Նախաձեռնութիւնը ստեղծեց աշխոյժ եւ հարստացնող մթնոլորտ մը` ընդգծելով հայ գրականութեան կարեւորութիւնը լեզուական հմտութիւններու եւ երեւակայութեան զարգացման մէջ` կանուխ տարիքէն։