image

Արտաշէս Քասախեան Կլենտէյլի Քաղաքապետ Ընտրուեցաւ 

Արտաշէս Քասախեան Կլենտէյլի Քաղաքապետ Ընտրուեցաւ 

Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը Երեքշաբթի, Ապրիլ 14ին քաղաքապետ ընտրեց Արտաշէս «Արտի» Քասախեանը, որ Ապրիլ 21ին յաջորդեց քաղաքապետ Արա Նաճարեանին։

Քասախեան, որ 2022-2023 տարեշրջանին եւս ստանձնած էր Կլենտէյլի քաղաքապետի պաշտօնը, իր քաղաքական ասպարէզին ընթացքին նաեւ նահանգային, շրջանային եւ քաղաքային մակարդակի շարք մը այլ պաշտօններ ստանձնած է եւ ծանօթ է նաեւ իր հայանպաստ  կեցուածքներով։ Ան նաեւ Կլենտէյլի մէջ բազմակարծութեան նեցուկ կանգնած է եւ ջատագոված է կառավարման թափանցիկ մօտեցումը։

Քասախեան ծնած է Պոսթըն, 1976ին. 1986ին ան իր ընտանիքին հետ հաստատուած է Կլենտէյլ՝ յաճախելով քաղաքի հանրային վարժարանները, իսկ համալսարանական ուսումը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն՝ Պսակաւոր արուեստից վկայական ստանալով պատմութեան ճիւղին մէջ: Ան հանրային քաղաքականութեան եւ վարչութեան մարզին մէջ Մագիստրոսի վկայականին արժանացած է Իլինոյի «Նորթուեսթըրն» համալսարանէն: Քաղաքական ասպարէզին նկատմամբ անոր հետաքրքրութիւնները սկսած են զարգանալու համալսարանական տարիներուն: Ան 2001էն 2004 եղած է Արեւմտեան Ամերիկայի Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավարը: Քասախեան առաջին անգամ 2005ին ընտրուած է Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար՝ հանդիսանալով այդ պաշտօնը ստանձնող ամէնէն երիտասարդ անձը: Ան 2020ին ընտրուեցաւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ։