image

Պատժական Նոր Տնօրինում ՌԱԿ-էն Ներս

Պատժական Նոր Տնօրինում ՌԱԿ-էն Ներս

Պատժական  կարեւոր տնօրինում  մը կատարուած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան  Լիբանանի շրջանակէն ներս: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւններ ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ Պայծիկ Գալայճեանի դէմ  ՌԱԿ Լիբանանի  Շրջանային  Վարչութիւնը պատժական տնօրինութեամբ մը կախակայման որոշում առած է:   Նշենք, որ ըստ մեր տեղեկութիւններուն՝ կախակայման  որոշումը ի զօրու պիտի մնայ  մինչեւ որ կուսակցութեան գերագոյն մարմինը՝   Կեդրոնական Վարչութիւնը, իր վճիռը արձակէ Պայծիկ Գալայճանի դէմ, ինչ կը վերաբերի անոր կուսակցական կարգավիճակին: Մեր տեղեկութիւններուն համաձայն կախակայումի որոշումը անմիջականօրէն կապուած է ժամանակէ մը ի վեր Գալայճեանի կուսակցական անկարգապահութեան ու ըմբոստութեան հետ, որ վերջերս աւելի եւս դրսեւորուեցաւ իր կողմէ կազմակերպուած`kուսակցութեան վարկը արատաւորող ժողովներ գումարելով, ինչպէս նաեւ այս ուղղութեամբ լուրեր ու շրջաբերականներ տարածելով: