image

ՌԱԿ-էն Հերքում. «Տարածուած տեղեկութիւնը սուտ էր»

 ՌԱԿ-էն  Հերքում. «Տարածուած  տեղեկութիւնը սուտ էր»

 Տարբեր առիթներով «Արեւելք» միշտ ալ խուսափած է   հայկական  աւանդական  կուսակցութիւններու  «ներքին  խոհանոց»ին պատկանող  լուրերը հրապարակելէ։ 

Մեկնակէտը պարզ է, խուսափիլ յաւելեալ  լարուածութիւն տարածելէ,  հեռու մնալ  «դեղին մամուլ»ի չարակամ   մօտեցումներէ ու ամենակարեւորը  նպաստել  մեր  ժողովուրդի միասնակամութեան  ուղղուած քայլերուն։ 

   Բայց եւ այնպէս  (ինչպէս երէկ պատահեցաւ) յաճախ  դէմ հանդիման կ՚ըլանք  այնպիսի  իրավիճակներու, երբ յարգելով   արագ լրատւութիւն կատարելու  սկզբունքը  ստիպուած կ՚ըլլանք  քայլ պահել լրահոսին մէջ եղող լուրերուն   հետ ու այդպիսով ալ  տարածուած լուրերը (յաճախ ոչ   հաճելի)  անգամ մը եւս  ներկայացնել՝  արեւմտահայերէնով,  անպայմանօրէն լուրին սկզբնաղբիւրը  նշելով։

 

 Այս պարագային, ինչպէս տարբեր առիթներու ալ  կուզենք անգամ մը եւս հաստատել, որ մեզի համար որպէս «Արեւելք»-լրատուական  գերագոյն արժէք կը շարունակեն մնալ  հայկական  աւանդական կուսակցութիւնները, հետեւաբար նաեւ  կարեւոր կը շարունակէ մնալ  լոյս  սփռել անոնց գործունէութեան վրայ։ 

 Վերջին տարիներուն ներքին  պառակտումներու   հանդիսավայր դարձած  ՌԱԿ-ը  այդ առումով կը համարուի  ամէնէն  խոցելին ու այդ պատճառով ալ կը շարունակենք շատ  մեծ զգուշօրէն  լուսաբանել նշուած կուսակցութեան  ներքին  պայքարներուն մասին եղած լուրերը։ 

 

Նախանձախնդրութիւնը նոյնն է ու  անշուշտ  փափաքը  միեւնոյն։ Մեր փափաքն  ու  իտէալն է, որ ՌԱԿ-ը ի վերջոյ վերագտնէ իր ներքին անդորրը ու այդպիսով ալ  շարունակէ իր ազգօգուտ գործունէութիւնը։

 

 «Ա»

 

   «Առաջին լրատուական»   կայքը   այսօր  տեղեկութիւն տարածած է այն մասին, որ օր մը առաջ մեր տարբեր հարթակներով (ու նաեւ մեր հարթակով)  տարածուած լուրը  անհիմն է։

 Այդ  տեղեկութիւնը  հաստատած է  ՌԱԿ-ի Լիբանանի   մէկ թեւին՝  (Լիբանանի  Շրջանային Վարչութեան)  ատենապետ՝ Տօքթ. Աւետիս  Տագէսեանը, որ խօսելով  նշեալ  կայքին ըսած է, թէ   իրենք կը շարունակեն մնալ Նիկոլ Փաշինեանի  կողքին  ու պիտի շարունակեն  սատարել անոր իշխանութեան։

 

 Տագէսեան մասնաւորապէս ըսած է ՝«Այդ լուրը  սուտ է, սուտ է, սուտ է, մեր Կեդրոնական Վարչութիւնը  այսօր յայտարարութիւն է տարածելու՝ հերքելով տարածուած տեղեկատւութիւնը»

 Տագէսեան նաեւ ըսած է, որ իրենք դէմ են Հայաստանի մէջ ընթացող   բողոքի  գործողութիւններուն  յատկապէս որ (ըստ իրեն)  այդ   ցոյցերը կը խանգարեն քաղաքացիներու   կեանքի   բնականոն  ընթացքը։

 Տագէսեան նաեւ  նշած է, որ  իրենք  դէմ են  այս  միջոցներով իշխանափոխութիւն  իրականացնելու  առկայ խնդիրներու լուծումը տեսնելով միայն  խորհրդարանական ընտրութիւններու  իրականացման  ճանապարհով։