image

«Պատրաստ եմ օժանդակելու մեր բոլոր հայրենակիցներուն» Արամ Մալեան

«Պատրաստ եմ օժանդակելու մեր բոլոր հայրենակիցներուն» Արամ Մալեան

Ստորեւ կը հրապարկենք  Պէյրութի «Արարատ» օրաթերթի  կատարած  հարցազրոյցը  Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի    ՍԴՀԿ  թեկնածու  Արամ Մալեանին հետ: Նշենք, որ  Պէյրութի քաղաքապետական   ընտրութիւնները պիտի կայացուին յառաջիկայ  կիրակի 8   մայիսին:

 

- Պրն. Մալեան, ինչպէս գիտենք` յառաջիկայ Կիրակի 8 Մայիսին պիտի կայացուի քաղաքապետական ընտրութիւններու առաջին փուլը: Այս առթիւ պիտի ուզէինք տեղեկութիւններ ստանալ ՙՊէյրութցիներու ցանկ՚ին մասին, որուն որպէս Ս.Դ.Հ.Կ. ներկայացուցիչ կ'անդամակցիք նաեւ Դուք:

- Ինչպէս գիտէք, Պէյրութի քաղաքապետարանի խորհուրդը կը բաղկանայ 24 անդամներէ, որուն 12-ը քրիստոնեայ են, իսկ միւս 12-ը իսլամ: Իրականութեան մէջ այս օրինաչափութիւնը օրէնքով սահմանուած չէ, սակայն նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի օրով հիմնաւորուած մօտեցում մըն է, որուն հիմնական առանցքը կը կազմեն համակեցութեան եւ հաւասարութեան գաղափարները: Այս սկզբունքները նոյնպէս տեղ ունին նախկին վարչապետ եւ ՙԱլ Մուսթաքպալ՚ հոսանքի նախագահ Սաատ Հարիրիի մօտեցումներուն մէջ եւ անոր հիմնական նպատակներէն է Պէյրութի քաղաքապետութիւնը հաւասարազօր կերպով կառավարել: Սաատ Հարիրին ալ, շարունակելով իր հօր երազը, միշտ կ'ուզէ որ Պէյրութը ըլլայ միասնական, բոլորը ներկայացնող եւ բոլորին համար: Ատոր համար ան ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի Պէյրութը չըլլայ միակողմանի, այլ ներկայացնէ ամէն տեսակի համայնքներն ու ժողովուրդները:

 Քաղաքապետական խորհուրդի 12 քրիստոնեայ անդամները բաժնուած են հետեւեալ կերպով` 4 յոյն ուղղափառ, 2 մարոնիթ, 2 հայ առաքելական, 1 հայ կաթողիկէ, 1 բողոքական, 1 յոյն կաթողիկէ, 1 անդամ փոքրամասնութիւնները ներկայացնող: Անշուշտ տակաւին կան խորհուրդի իսլամ անդամները, որոնց 8-ը սիւննի, 3-ը շիի ու 1-ը տիւրզի համայնքին կը պատկանին: Որպէս Հայ Առաքելական համայնքի ներկայացուցիչ, Ս.Դ.Հ.Կ.-ը եւս ունի իր ներկայացուցիչը այս կազմին մէջ:

 

- Պրն. Մալեան,Պէյրութի տարբեր խնդիրներու լուծման վերաբերեալ Ձեր յառաջիկայ ընդհանուր ծրագիրը ի՞նչ պիտի ըլլայ:

- Նախ նշեմ, որ մեր յառաջիկայ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 8 Մայիսին: Մենք որպէս ՙՊէյրութցիներու ցանկ՚, արդէն ունինք մեր ծրագիրը, որուն մէջ յիշուած են անհրաժեշտութիւն համարուող բոլոր հիմնախնդիրները: Այդ ծրագրին մէջ տեղ կը գտնեն Պէյրութի կենսոլորտի պահպանման հարցը, քաղաքը կանաչապատելու հարցը, ինչպէս նաեւ աղբահանութեան խնդրի լուծման վերաբերեալ կարեւոր առաջարկներ: Այս բոլորը իբրեւ առաջնահերթութեան խնդիրներ ու ասոնցմէ բացի անշուշտ կայ Պէյրութի լուսաւորման հարցը, ճանապարհներու խճողուածութեան հարցի լուծումը, առողջապահական հարցերու հիմնախնդիրը, Պէյրութի մարզական կեանքին զարկ տալը, Պէյրութի Մշակոյթի պահպանումն ու զարգացումը (արդիական գրադարաններ հիմնելով, փառատօններ կայացնելով, հին պատմական շէնքեր վերանորոգելով): Մեր առջեւ նաեւ դրած ենք Պէյրութի արդիականացման խնդիրը, քաղաքը մերօրեայ բոլոր յարմարաւէտութիւններով օժտելով, Պէյրութը քաղաքացիական դարձնելու հարցը` առիթ տալով ժողովուրդին, մանաւանդ երիտասարդութեան իրենց առաջարկներն ու գաղափարները ներկայացնել քաղաքապետարանի աշխատանքներուն գծով: Կայ Պէյրութի քաղաքապետարանի ոստիկանութեան թիւը աւելցնելու կէտը եւ վերջապէս ՙՊէյրութցին եւ քաղաքապետարանը՚ ծրագիրը, որ կը միտի դիւրացնել քաղաքապետարանին հետ քաղաքացիներու ունեցած գործարքները, զանոնք դարձնելով թափանցիկ եւ արդար: Ասիկա մեր` ՙՊէյրութցիներու ցանկ՚ի ընդհանուր ծրագիրն է, որ պիտի փորձենք իրագործել եւ յաջողցնել, բայց անշուշտ իմ հիմնական նպատակս կը մնայ իմ օգտակար դառնալս հայկական շրջանակերուն:

 

- Որպէս Ս.Դ.Հ.Կ.-ի ներկայացուցիչ, ի՞նչ ծրագիրներ ունիք հայկական շրջաններուն հետ կապուած, մանաւանդ, որ ընտըրւելու պարագային պիտի հանդիսանաք Լիբանանի մեծագոյն քաղաքապետարանի` Պէյրութի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ:

- Ես ոչ միայն հայ շրջանակի ներկայացուցիչը պիտի ըլլամ, այլ` ընդհանուր Պէյրութի, բայց այդ մէկը չի նշանակեր, որ ես որպէս հայ առաքելական եւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի ներկայացուցիչ պիտի չփորձեմ օգտակար դառնալ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակութեան պէտք ունին: Բնական է, որ մտահոգութիւններուս հիմնական առանցքը պիտի ըլլան մեր շրջանակները: Ինչպէս գիտէք, ես անցնող 6 տարիներուն անդամ եմ Պէյրութի քաղաքապետարանին եւ միշտ իմ մօտ առաջնակարգ մտածում եղած է մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ հասնիլ հայկական կարիքներուն: Այս բոլորը անշուշտ միայն բառերով չէ, որ եղած են, այլ գործնական եւ հետեւողական աշխատանքներով: Ու գործի յաջողութեան մեծագոյն ապացոյցը կարելի է տեսնել ՙՆոր Հաճըն՚ի շրջանին մէջ, ուր կարեւոր աշխատանքներ տարուեցան շրջանի ենթակառուցուածքային համակարգը նորոգելու առումով: Ինչպէս նաեւ շրջանի ՙՆոր Հաճըն՚ անուանումը պետականօրէն վաւերացնելու խնդրին վերաբերեալ: Գաղտնիք չէ, որ անցեալ 40-50 տարիներուն քաղաքապետարանը, ոչ մէկ երեւելի ճիգ տարած էր այս ուղղութեամբ, հետեւաբար այս մէկը կը նկատեմ մեր միասնական ճիգերով եղած իրագործումներէն մին, հաւաստիացնելով, որ պատրաստ եմ շարունակել ինծի վիճակուած պարտականութիւնները ու օգտակար դառնալ ոչ միայն ճամբաներու կամ ենթակառուցուածքներու բարենորոգութեան խնդիրներուն լուծումներ բերելով, այլ նոյնպէս օժանդակել մեր այն հայրենակիցներուն, որոնք տարբեր տեսակի խնդիրներ ունին` կապուած քաղաքապետական խորհուրդին կամ ընդհանուր թղթատարական հարցերու մէջ:

 

- Կարեւոր տեղեկութիւններ տուիք շրջանի հայ բնակչութեան օժանդակելու մասին: Կարելի՞ է այս առումով մեր ընթերցողները իրազեկել ձեր գործունէութեան եղանակին մասին: Այսինքն շրջանի բնակիչները ո՞ւր պէտք է ներկայացնեն իրենց խնդիրները: Որոշ գրասենեակ մը կա՞յ այս առումով:

- Հաճըն շրջանին մէջ կը գործէ մեր գրասենեակը, ուր պատրաստ ենք ընդունիլ մեր հայրեանիցները տարբեր հարցեր լսելու եւ պէտք եղածը կատարելու համար: Ու նաեւ ըսեմ, որ հանրութենէն հեռու չենք, հետեւաբար, որեւէ ատեն պատրաստ ենք լսելու անոնց բողոքներն ու առաջարկները յանուն մեր շրջաններու բարգաւաճման:

 

- Գիտենք, որ Պէյրութը եւ Երեւանը քոյր քաղաքներ յայտարարուած են, արդեօք այս առումով որոշ ընելիք պիտի ըլլա՞յ, որոշ ծրագիր մը կա՞յ միւս հայ թեկնածուներուն հետ:

- Երեւանը միշտ եղած է մեր մտքին մէջ, միշտ ալ ուզած ենք բարձր մակարդակի կապեր հաստատել Երեւանի եւ Պէյրութի միջեւ: Ինչպէս անցեալին ըսած ենք`նորէն կը կրկնենք, թէ Երեւանի եւ Պէյրութի միջեւ կայ քոյր քաղաքներու համաձայնութիւն, որուն համար մենք` որպէս հայեր, երախտապարտ ենք: Մանաւանդ անցնող 6 տարիներու ընթացքին այդ կապը աւելի զօրացաւ: Ինչպէս գիտէք, Երեւանը ամէն տարի կը նշէ իր տօնը` ՙԵրեւան-Էրէբունի՚-ն, եւ ամենայն ուրախութեամբ կ'ուզեմ ըսել, թէ անցնող տարիներուն ես պաշտօնի բերմամբ ներկայ գտնուեցայ եւ Պէյրութի քաղաքապետարանը ներկայացուցի Երեւանի մէջ: Այս առումով կ'ուզեմ ըսել, որ շատ դրական կապեր ունինք Երեւանի քաղաքապետարանին, յանձինս քաղաքապետ Պրն. Տարօն Մարգարեանի հետ եւ կը մաղթենք, որ այս յարաբերութիւնները աւելիով զարգանան: Պէյրութի քաղաքապետարանն ալ իր հերթին միշտ պատրաստ է հիւրընկալելու մեր քաղաքամայր Երեւանի քաղաքապետը: Անցնող քաղաքապետական խորհուրդը արդէն պաշտօնական հրաւէր առաքած է Պրն. Տարօն Մարգարեանին եւ վերջինս ընդունած է հրաւէրը: Ես վստահ եմ նաեւ, որ այդ սպասուած պաշտօնական այցելութիւնը անպայման պիտի իրականանայ:

 

- Պրն. Մալեան, ի՞նչ խօսք ունիք ըսելիք ՙԱրարատ՚ի ընթերցողներուն յառաջիկայ Կիրակի օր տեղի ունենալիք ընտրութիւններէն օրեր առաջ:

- Ես կը կարծեմ, որ Պէյրութի քաղաքապետարանին մէջ Հնչակեան կուսակցութեան ներկայութիւնը շատ կարեւոր է, նկատի ունենալով մանաւանդ, որ մեր կեդրոնը Պէյրութի մէջ է եւ մեծ թիւով ընկերներ եւ համակիրներ հաստատուած են այս շրջանին մէջ: Իմ ներկայութիւնս քաղաքապետարանին մէջ որպէս Արամ Մալեան չէ, այլ ես այնտեղ եմ որպէս Հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչ: Ըսեմ նաեւ, որ այդքան ալ դիւրին ձեւով չէ, որ կրցած ենք ապահովել մեր ներկայութիւնը քաղաքապետարանին մէջ ու այս մէկը կը պարտինք Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինին, մեր երեսփոխանին` ընկեր Սեպուհ Գալփաքեանին եւ որովհետեւ իրենք կրցան այս վերջին երկու շրջաններուն ապահովել Ս.Դ.Հ.Կ.-ի ներկայացուցիչի տեղը: Այս տարի եւս յայտարարուեցաւ, որ հայկական աթոռներէն մին պիտի տրամադրուի Հնչակեան կուսակցութեան եւ ասիկա, իմ համեստ կարծիքով մեծ յաղթանակ է մեր բոլորին համար: Սակայն, որպէսզի այս յաղթանակը պահենք, մենք ալ մեր կարգին պէտք է խիտ շարքերով մասնակցինք ընտրութիւններուն: Անկախ թէ ով կ'ըլլայ թեկնածուն, այսօր Արամ Մալեանն է, վաղը ուրիշ անուն մը: Կարեւորը Հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչին ներկայութիւնն է քաղաքապետական խորհուրդին մէջ: Իմ կոչս մեր ընկերներուն եւ համակիրներուն, որ միշտ նեցուկ ըլլան մեր թեկնածուին եւ իրենց ձայնը տան: Չմոռնանք, թէ ընտրութիւններու մասնակիցներուն թիւը որքան մեծ ըլլայ, այնքան աւելի աւելի դրական միաւորներ պիտի ստանայ Մայր կուսակցութիւնն ու համայնքը: Եւ այդ մէկը անշուշտ պիտի փաստէ, որ հայ համայնքը կայ ու պատնէշի վրայ է եւ ունի իր տեսակէտն ու խօսքը Պէյրութի քաղաքապետարանին մէջ:

 Հարցազրոյցը ` Ս. Ա.

 «Արարատ» Պէյրութ