image

G7-ի երկիրներու սեղանին պիտի ըլլայ Քիեւին օժանդակելու օրակարգը

G7-ի երկիրներու սեղանին պիտի ըլլայ Քիեւին օժանդակելու օրակարգը

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէ յայտարարած է, որ Իտալիոյ մէջ G7-ի երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպման ժամանակ պիտի քննարկուի Քիեւին աւելի մեծ ռազմական օգնութիւն տրամադրելու հարցը։ 

«Պիտի քննարկենք, թէ ինչ կրնանք ընել Ուքրանիոյ տրամադրուելիք օգնութեան ընդլայնման, պաշտպանական արտադրութեան ծաւալները մեծցնելու եւ մեր գործընկերներուն հետ համագործակցութեան ամրապնդման համար», - ըսած է Ռիւթէ:

Աւելի վաղ ՆԱԹՕ-ի մամուլի ծառայութիւնը յայտնած էր, որ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարն Իտալիոյ մէջ պիտի մասնակցի G7-ի երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններու ղեկավարներու հանդիպման։