image

Պատմութիւն անհեռատես հողատէրերու մասին. Սագօ Գասապեան

Պատմութիւն  անհեռատես  հողատէրերու մասին. Սագօ Գասապեան

  Պէյրութահայ  օգտատէր՝ Սագօ Գասապեան կը գրէ՝

 

   Տարբեր տեղեր կարդացած պիտի ըլլաք, լսած պիտի ըլլաք, եւ շատերդ ինծի նման, տեսած պիտի ըլլաք նարնջենիներու եւ լիմոնի անծայրածիր պարտէզները, որոնք գրաւած էին լեռնալիբանանի Մեթն գաւառի ծովեզերեայ մասը: 

Հարաւէն հիւսիս երկարած, (կամ հիւսիսէն հարաւ) իրենց բուրմունքով տրամադրութիւն բարձրացնող միջավայր ստեղծած, համբաւ հանած այս ծառաստանները կը պատկանէին բնիկ լիբանանցիներու, որոնք սերունդէ սերունդ այս պարտէզները պահած էին, եւ կ'ապրէին անոնց բերքի բարիքէն: Շատեր յառաջդիմական քայլեր առնելով, իրենց պարտէզին մէջ աւելցուցած էին «Աւոքաատ»ի  ծառերը, ուրիշներ փորձեր կատարած էին արմաւենիներով «յառաջդիմելու», բայց բոլորն ալ կը զիջէին նարինջի եւ լիմոնի օգտակար եւ սննդարար պտղատեսակին, որուն աճեցումը ըստ երեւոյթին այդ աշխարհագրական տարածքով կատարեալ էր։

Օրերը եկան ու անցան, պարտէզները չքացան: 

Ո՛չ, երաշտ չեղաւ որ պարտէզները չորնան ու չքանան, այլ, եղաւ ա՛յլ տեսակի «երաշտ»: 

Եղաւ այն, որ պարտէզներուն տէրերը, շատ հաւանաբար հերթական սերնդափոխութեան մը դարձուածքի ժամանակ, նախընտրեցին նարինջի պարտէզները տեսնել առանց ծառերու, այսինքն չափագրուած հողատարածքներ տեսնել զանոնք, եւ իբր այդպիսին՝ քառակուսի մեթրերը շուկայական թուաբանական հաշուարկներու զարնելով, եւ նարինջէն, լիմոնէն, արմաւէն եւ աւոքատոյէն աւելի եկամտաբեր՝ շահաբեր առաջարկներ ստանալով, այդ պարտէզները քանդելով, առանց ծառերու, տուին վարձու: 

Պոկելէ ետք ծառերը, հողին վրայ սփռուեցաւ ասֆալթ, եւ այդ ընդարձակ պարտէզները եղան նոր մեքենաներ (ինքնաշարժ) ներմուծող ընկերութիւններու համար կայանատեղի: Այդ օրերուն՝ 2010-2020, շատ դիւրին էր «պանք»ի քանի մը թուղթ ստորագրել եւ մասնավճարով նոր մեքենա գնել: Այնքան ընդհանրացած էր այս երեւոյթը, որ այդ ընկերութիւնները հսկայական տարածքներու պէտք ունէին իրենց ներմուծած նոր մեքենաներուն համար, եւ, այդ տարածքները՝ նախկին կանաչ պարտէզներն էին: Հողատէրերը, իրենց ժառանգները, բոլո՛րը, մէկը միւսին ետեւէն ստացան գայթակղեցուցիչ առաջարկներ, եւ կանաչապատ պատէզները մէկը միւսին ետեւէն քանդուեցան, ի դիմաց կանաչապատ տոլարին: Ասոնցմէ ոմանք, բոլորովին ա՛յլ հաշիւներով, նոյնիսկ ծախեցին իրենց հողերը, որոնց վրայ այսօր կը տեսնենք երկար պէթօնէ կոյտեր՝ շէնքեր: 

Օրերը շարունակեցին գալ ու անցնիլ, եւ վրայ հասան Լիբանանի վերջին դրամանկումի օրերը: Ամէն ինչի պէս այս նիւթական հաշուարկն ալ ենթարկուեցաւ վերատեսութեան, եւ իբր այդպիսին, մեքենա ներմուծող ընկերութիւնները, մէկը միւսին ետեւէն փակեցին իրենց դռները. լաւագոյն պարագային, կասեցուցին հազարաւոր նոր մեքենաներու ներմուծումը, ապա՝ նախկին ապառիկով վաճառքը, երբ արդէն գնողներու քանակը կտրուկ, գրեթէ կանգ առած էր:

Մեքենաները հեռացուեցան այդ տարածքներէն, եւ վարձակալութեան պայմանագիրները կա՛մ չեղարկուեցան եւ կամ չնորոգուեցան: 

Մնացին ասֆալթապատ հողատարածքները:

Մնացին հողակտորները, փոխան կեանքով լեցուն նարինջի եւ լեմոնի բուրումնաւէտ ծառերուն՝ անհրապոյր ասֆալթաբոյր: 

Մնացին հողատէրերը. այո, անոնք մնացին, մնացին անոնց ժառանգորդները եւս, եւ մնացին անոնց ստացած հսկայական գումարները. այո, մնացին՝ բայց դրամատուներուն մէջ: 

Մնացինք նաեւ մե՛նք, եւ գրեցինք այս անհեռատես հողատէրերու պատմութիւնը, որոնք իրենց պապերէն ժառանգածը զիջեցան ժամանակաւոր նիւթականին: Ուզեցին շուտ, կրկնապատիկ հարստանալ  դրամով, բայց կորսնցուցին շատ աւելի թանկագինը՝ աւանդականը, պապենականը, սերունդներու սնունդի աղբիւրը: