image

Ճէյ Տի Վենսի այցին մասին. Մի քանի դիտարկումներ

Ճէյ Տի Վենսի այցին մասին. Մի քանի  դիտարկումներ

«Թրիփ» ծրագիրը առաջնային 

Շատ տարբեր եւ տարողունակ կարծիքներ հնչեցին ԱՄՆ փոխ նախագահ Ճէյ Տի Վենսի Հայաստան տուած այցելութեան մասին։ Ի դէպ այցը պէտք է համարել, ոչ միայն հայկական հանրապետութիւն տրուած այց մը, այլ այն պէտք է նշանաւորել, որպէս Հարաւային Կովկաս տրուած այցելութիւն։

 Երեւանէն ետք, ինչպէս բոլորս տեսանք, Վենս կը մեկնէր Պաքու եւ ինչպէս Երեւանի պարագային այնտեղ եւս ան կ՚արժանանար ամենաբարձր մակարդակի ընդունելութեան։ Յիշեցնեմ նաեւ, որ Վենս նախքան Երեւան ժամանելը Հռոմի մէջ հանդիպում ունեցած է Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Կավելաշվիլիին հետ։

Այցը ուրեմն ունէր համապարփակ բնոյթ ու զայն պէտք է համարել «մասնատուած» կամ սոսկ Հայաստանին տրուած այցելութիւն։ Ինչ խօսք, որ համեմատած մօտիկ անցեալի փուլերունմ, այսօր Միացեալ Նահանգներ ունի շատ աւելի մտերմական յարաբերութիւններ Երեւանի ու Պաքուի հետ, քան ըսենք, ինչ ունէր Թիֆլիզի հետ։

 Միւս կողմէ Թիֆլիզը նաեւ չի համարուիր Ամերիկեան ու յատկապէս Թրամփեան արտաքին քաղաքականութեան նշանակալից կէտերէն մին։ Այլ խօսքով Թիֆլիզը ԱՄՆ-ի համար միաւորներ հաւաքելու հանդիսավայր մը չէ, քան Երեւանն ու Պաքուն, որ կը համարուին «իրական» գործընկերներ, որոնց միջեւ առկայ դրական շունչը եւ տինամիզմը ամերիկացիք կը համարեն «վառ օրինակ» մը արտաքին քաղաքականութեան մէջ իրենց ունեցած ձեռքբերումին առընթեր։ Ամերիկացի բարձրաստիճան պատասխանատուին այցելութեան հիմնական մասը պէտք է համարել «Թրիփ» ծրագրին մասին շեշտակի «յիշեցումներ» կատարելու արարքը։ Այս այցով Վենս, հետեւաբար նաեւ Միացեալ Նահանգներու Թրամփեան վարչակարգը կու գար արտայայտելու իր վճռակամութիւնը նշուած ծրագրին վերաբերեալ։ Ճիշդ է, որ այդ ծրագրին վերաբերեալ ու ի մասնաւորի Հայաստանի ընդդիմադիր շրջականերուն կողմէ առկայ են մեծ կասկածներ, բայց եթէ մեծ պրիսմակով դիտարկենք այդ ծրագրի էութիւնը պիտի ընդունինք այն, որ նման ծրագրի մը որդեգրումը, ու ապա անոր իրականացումը չի կրնար սոսկ իշխանութեան վրայ եղած վարչակարգի մը, նախագահին ու անոր նեղ օղակին կողմէ ընդունուած ծրագիր մը ըլլալ։ Նոյն այս «Թրիփ»ի մասին խօսելու ատեն, մեզմէ շատեր, որ այս պարագային յատկապէս գործ ունինք Միացեալ Նահանգներու հետ, այսինքն աշխարհի թիւ մէկ գերտէրութեան, ցարդ անմրցելի հանդիսացող գերտէրութեան հետ։ Այլ խօսք, որ Հայաստանի ներկայիս իրավիճակը, բնաւ պիտի չթոյլատրէր, որ մեր երկիրը «Թրիփ»ի ու անոր նման ծրագրի մը հանդէպ «զէզոք» կամ «վախուորած» դիրք մը որդեգրէր, բայց եւ այնպէս նման տարողունակ ծրագրի մը ծնունդը նոյնիսկ պիտի դառնար ու պէտք է դառնայ Հայաստանի եւ համայն հայութեան իրական փրկութեան լաստ։ 

Շատ են անոնք, որ կը գրեն ազգային կարծր դիրքերէ, շատ են անոնք, որ դեռ կը խօսին մեծ Հայաստանի երազներուն մասին, ու շատ են անոնք, որ տակաւին Ղարաբաղեան հիմնահարցը կը փորձեն իրենց օրակարգին մէջ պահել, որպէս գրաւ եւ որպէս խաղաթուղթ։ Թող ընեն ատիկա, հարց մը չէ, իրենք է, որ պիտի կորսնցնեն, բայց «Թրիփ»ի նման ծրագրին հանդէպ կասկածներ ունենալէն անդին վախերով, եւ չարակամութեամբ արտայայտուիլ ուղղակի հարուած է Հայաստանի պետականութեան շահերուն ու ընդհանուր կարգավիճակին։

 Այստեղ չմոռնամ դիտարկել, որ «Թրիփ»ի մասին եղած յայտարարութիւններէն անմիջապէս ետք, նախ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, ու ապա նաեւ Ռուսաստանը ունեցան մեղմասած յստակ վերապահութիւններ։ Այսօր արդէն իսկ այդ վերապահութիւնները վերափոխուած են գործակցութեան յոյսի։ Ու այդ առումով ալ ամէնէն ուշագրաւը Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Միխայիլ Կալուզինի բերնով հնչած խօսքերն էին։ Կալուզին մասնաւորապէս կ՚ըսէր, թէ «Ինչ կը վերաբերի «Թրամփի ուղի» նախագծին, մենք արդէն իսկ յայտնած ենք մեր դիրքորոշումը։ Հայ-ամերիկեան նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները տակաւին ուսումնասիրութեան կարիք ունին։ Պատրաստ ենք խորհրդակցելու Երեւանի գործընկերներուն հետ՝ քննարկելու թէ՛ նախագիծի չափորոշիչները, թէ՛ ռուսական հնարաւոր մասնակցութիւնը՝ այս կամ այն ձեւաչափով»։

 «Թրիփ» ծրագրին մասին ներկայացուած տեղեկութիւնները եւ այսօր առկայ համապատկերը անգամ մը եւս կը փաստարկեն, թէ ինչքանով լուրջ է Միացեալ Նահանգները կապուած այս կարեւորագոյն ծրագրին, որ գալիք տարիներուն ալ ունի բաւարար ներուժ հանդիսանալու Ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան հիմնարար յաջողութեան մը օրինակներէն մին, կամ ամենավառ օրինակը։ Եւ անշուշտ այս համապարփակութեան մէջ, անկարելի է այդ ծրագիր-օրակարգը զեղծել կամ հեռացնել Ճէյ Տի Վենսի Հարաւային Կովկաս տուած այցելութեան ընդհանուր օրակարգէն։

 

Այց՝ աշխարհաքաղաքական նոր դասաւորման լոյսին տակ

ԱՄՆ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսի Հայաստան կատարած այցելութիւնը պէտք չէ դիտել որպէս պարզ արարողակարգային կանգառ։ Անիկա տեղի կ՚ունենայ ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Հարաւային Կովկասը կը վերաձեւաւորուի ուժային նոր հաւասարակշռութիւններու ազդեցութեան տակ, իսկ Հայաստանը կը փորձէ վերագտնել իր տեղը՝ անվտանգային խոցելիութիւններու եւ արտաքին քաղաքական վերաիմաստաւորման միջավայրին մէջ։

Վենսի այցելութիւնը նախ եւ առաջ քաղաքական ազդակ մըն է։ Ան կը վկայէ, որ Ուաշինկթըն Հայաստանը կը դիտէ որպէս գործընկեր մը, որուն հետ կարելի է խորացնել ռազմավարական երկխօսութիւնը։ Վերջին տարիներուն Երեւանի արտաքին քաղաքականութիւնը աստիճանաբար կը հեռանայ բացառիկ կախուածութենէ մը եւ կը ձգտի բազմաբեւեռ մօտեցումի։ Այս համածիրին մէջ ամերիկեան բարձր մակարդակի ներկայութիւնը կը նշանակէ վստահութեան ամրապնդում եւ քաղաքական հովանաւորութեան որոշ չափաբաժին։

Անվտանգութեան հարցը անշուշտ կեդրոնական առանցք մըն է։ 2020-էն ետք ստեղծուած նոր իրադրութիւնը Հայաստանի համար յստակ դարձուց, որ միայն հին մեքանիզմները այլեւս բաւարար չեն։ Վենսի ուղերձները՝ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ աջակցութեան մասին, դիւանագիտական բառապաշարի սահմաններէն անդին, նաեւ կանխարգելիչ բնոյթ ունին։ Անոնք կը ծառայեն որպէս ազդարարում տարածաշրջանի դերակատարներուն, որ Միացեալ Նահանգները ունի շահեր եւ դիրքորոշում Հարաւային Կովկասի մէջ։

Միեւնոյն ժամանակ տնտեսական եւ ժողովրդավարական բաղադրիչը պակաս կարեւոր չէ։ Ամերիկեան քաղաքականութիւնը սովորաբար անվտանգային համագործակցութիւնը կը զուգորդէ կառավարման բարեփոխումներու, կաշառակերութեան դէմ պայքարի եւ տնտեսական բացման օրակարգով։ Հայաստանը, որ կը ձգտի ներդրումներու եւ շուկաներու բազմազանեցման, կրնայ այս այցելութիւնը օգտագործել որպէս նոր դռներու բացման հնարաւորութիւն՝ մասնաւորաբար բարձր արհեստագիտութեան, է ջերմուժի եւ ենթակառուցուածքներու ոլորտներուն մէջ։

Սակայն այցելութիւնը ունի նաեւ լայն տարածաշրջանային ընթերցում։ Ռուս-արեւմտեան մրցակցութիւնը, Իրանի գործօնը, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դերակատարութիւնը, այս բոլոր տարրերը կը կազմեն այն բարդ գետինը, ուր Հայաստան կը փորձէ պահպանել իր շահերը։ Վենսի ներկայութիւնը կը հաւաստիացնէ, որ Հայաստանը ամբողջութեամբ չէ դուրս մնացած միջազգային ուշադրութենէ, բայց նաեւ կը յիշեցնէ, որ մեծ տէրութիւններու հետաքրքրութիւնը միշտ կը պայմանաւորուի իրենց ռազմավարական հաշիւներով։

Արդիւնքը կախեալ պիտի ըլլայ հետեւողականութենէն։ Բարձր մակարդակի այցելութիւնները խորհրդանշական կարեւորութիւն ունին, սակայն իրական փոփոխութիւնը կը պահանջէ գործնական քայլեր՝ պաշտպանական համագործակցութեան խորացում, տնտեսական համաձայնագրերու իրականացում եւ խաղաղութեան գործընթացին շօշափելի առաջընթաց։

Վենսի Երեւան այցելութիւնը կարելի է գնահատել որպէս ազդանշան մը՝ որ Հայաստանը կը մնայ միջազգային քաղաքական օրակարգին վրայ։ Բայց այս ազդանշանը արդիւնաւէտ դարձնելը նախ եւ առաջ Հայաստանի պետական ռազմավարութեան եւ դիւանագիտական ճկունութեան խնդիրն է։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...