Հայաստանի արտաքին գործերի նախարարութիւնը արձագանգած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի յայտարարութեան այն մասին, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է։
Մարիա Զախարովան նշած էր, որ հանդիպման ժամկէտներու մասին աւելի ուշ պիտի տեղեկացնեն։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն եւս յստակ ժամկէտներ չեն նշած։
«Ինչպէս աւելի վաղ յայտնել էինք, կան հանդիպումների առաջարկներ, հիմա նաեւ՝ պայմանաւորուածութիւններ։ Կոնկրետ ամսաթուի մասին կը յայտնենք լրացուցիչ»,- «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին ըսած է ՀՀ արտաքին գործերի նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անի Բադալեանը։