image

Պարզուած է թարգմանիչը սխալ կը թարգմանէ Ռուբէն Վարդանեանի գործի 100-աւոր հատորները. անոր դէմ  բացարկ յայտարարուած է 

Պարզուած է թարգմանիչը սխալ կը թարգմանէ Ռուբէն Վարդանեանի գործի 100-աւոր հատորները. անոր դէմ  բացարկ յայտարարուած է 

Արցախի նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանին «դատավարութեան» ժամանակ գործն աղաւաղուած թարգմանած են, անոր փաստաբանը միջնորդութիւն ներկայացուցած է թարգմանիչին բացարկ յայտնելու վերաբերեալ։ Այս մասին յայտնած է Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնի նախագահ, իրաւապաշտպան Սիրանուշ Սահակեանը։

«Նախ` 422 հատորից կազմուած շինծու գործի նիւթերն ադրբեջաներէն են եւ թարգմանուած չեն տրամադրուել Ռուբէն Վարդանեանին, իսկ բանաւոր թարգմանութիւններն էլ որակական չափանիշներին չեն համապատասխանում, բացի այդ, Վարդանեանը զրկուած է գրառումներ անելու հնարաւորութիւնից. չեն տրամադրւում թուղթ ու գրիչ»,-ըսած է իրաւապաշտպանը։

Սահակեանի խօսքով՝ թարգմանութիւնն այնքան ոչ պատշաճ է, որ անգամ յղում եղած է պելառուսական օրէնսդրութեան, մինչդեռ դատավարութիւնը կ՚իրականացուի ատրպէյճանական օրէնսդրութեան համապատասխան։

Իրաւապաշտպանը յայտնած է` դատարանը յանձնարարած է, որ Վարդանեանն ու անոր փաստաբանը ապահովուին նորմալ թարգմանութեամբ, սակայն մերժուած են փաստաբանի բոլոր միջնորդութիւնները, նաեւ այն, որ գործի նիւթերու պատճէնները տրամադրեն ծանօթանալու համար։

Միջնորդութիւններ ներկայացուած են նաեւ համացանցի հասանելիութիւն տրամադրելու, գործին առնչուող որոշակի տեսանիւթեր դիտելու հնարաւորութիւն տալու համար։ Սահակեանի խօսքով՝ բոլոր այս մանրամասներն իրեն փոխանցուած են Վարդանեանի ընտանիքի միջոցով։

Ինչ կը վերաբերի այն հարցին, թէ որքանով չկաշկանդուած ու անկախ կը գործէ Վարդանեանի փաստաբանը, իրաւապաշտպանն այս հարցով ալ հիմնաւոր մտահոգութիւններ ունի։

«Ադրբեջանում պաշտպանութիւն կարող են կազմակերպել միայն Ադրբեջանի կողմից հաւատարմագրուած փաստաբանները, օտարերկրեայ միջազգային փաստաբանները զրկուած են պաշտպանութիւն իրականացնելու հնարաւորութիւնից։ Մենք, ինչպէս նաեւ միջազգային հեղինակաւոր կառոյցները լուրջ մտահոգութիւններ ունենք փաստաբանական համայնքի անկախութեան առնչութեամբ»,- ընդգծած է Սահակեանը։

Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանի մէջ անկախ գործունէութիւն իրականացնելու փորձ ըրած փաստաբանները որակազրկուած են, ենթարկուած քրէական հետապնդումներու, վախի մթնոլորտ է, փաստաբանական համայնքը վերածուած է գրպանային համայնքի եւ կը սպասարկէ իրաւապահ համակարգի շահերը։

«Պետութեան կողմից նշանակուած հանրային պաշտպաններն ամբողջովին սպասարկում են պետութեան շահերը, մինչդեռ մասնաւորները համեմատաբար աւելի անկաշկանդ միջավայրում են գործում»,- նշած է իրաւապաշտպանը։

Անոր խօսքով` իրականութեան մէջ էթնիք հայու պաշտպանութեան համար Ատրպէյճանի մէջ մասնաւոր փաստաբան գտնելը հեշտ գործ չէ։ Ունի օրինակ, երբ Ատրպէյճանի փաստաբանները մերժած են պաշտպանութիւնը անձի (ոչ ռազմագերի) էթնիք հայ ըլլալու պատճառով։