Համաշխարհային նորաձեւութեան խորհրդանիշ Նաոմի Քէմպըլ կը զարդարէ «Վօք Պրազիլ»ի Սեպտեմբերեան շապիկը, կրելով պրազիլահայ ձեւագծող Արա Վարդանեանի աչքառու զարդերը։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ «Նոր Մարմարա»էն։
Աշբիւրը նաեւ նշած է, որ Քէմպըլ կը ներկայանայ ադամանդեայ քարերով ու «ռուպելիթ»ով նրբագեղ մատանիներով ու ականջօղերով, որոնք իր համարձակ ու իւրայատուկ ոճի առանձնայատկութիւնն են։
Մասնագէտներ կը գրեն որ Քէմպըլ վաղուց կը հիանայ Վարդանեանի ստեղծարար վարպետութեան վրայ եւ անոնց համագործակցութիւնը կը ցոլացնէ մանքէնի ունակութիւնը՝ համատեղելու ժամանակակից նորարարութիւնը՝ անժամանակ նրբագեղութեան հետ։
Վարդանեան «Ինսթակրամ»ի իր էջին վրայ կը գրէ. «Մոտէլ եւ բարեկամուհի Նաոմի Քէմպըլ փայլեցաւ «Վօք Պրազիլ»ի վերջին շապիկի տօնակատարութեան յատուկ պահուն։ Ան կը կրէր դեղին ու ճերմակ ադամանդներով ու «ռուպելիթ»ով մատանիներ եւ ականջօղեր, որոնք հիանալի համադրութիւն կը կազմէին Քէմպըլի գեղեցկութեան հետ»։
Ո՞վ է Արա Վարդանեան։ Ան նորաձեւութեան աշխարհէն ներս համբաւ ունի որպէս ժամանակակից զարդերու առաջատար ձեւագծող մը որ կը համատեղէ նորարարութիւնը՝ աւանդականի հետ։
Ան ծնունդով Պէյրութէն է, մեծցած է ոսկերիչներու ընտանիքին մէջ։ Յետոյ տեղափոխուած է Սաօ Փաուլօ։ Պոսթընի համալսարանի մէջ տնտեսագիտութեան մասնագէտի աստիճան ստանալէ ետք սկսած է աշխատիլ Նիւ Եորքի մէջ։ 2000ին վերդարձած է Պրազիլ ու ամբողջութեամբ նուիրուած զարդերու ձեւագծման։ Նոյն տարին ան հիմնած է «Վարդանեան» զարդերու տունը, որ ճանաչում գտած է նորարարական գաղափարներու շնորհիւ, ինչպիսին են բազմամատ մատանիները, «Ութոտնուկ» մատանիները, «Կեռիկ» ստորագրոթւեամբ ականջօղերը եւ «գլխիվայր» շրջուած ադամանդներու նորարարական գործածութիւնը։
2002ին Արա Վարդանեանի ստեղծագործութեան պտուղները սկսան վաճառուիլ միջազգային մակարդակով եւ մեծ հռչակ ապահովելով, առիթ ստեղծեցին որ Վարդանեան ցուցասրահներ բանայ Սաօ Փաուլոյի, Ռիօ Տէ Ժէնէյրոյի ու Լոնտոնի մէջ։ Իր զարդերը կը կրեն Նաոմի Քէմպըլ, Փենելոփէ Քրուզ, Մատոննա, Քէյթ Մոս, Լուփիթա Նիոնկօ եւ Ճէնիֆըր Լոուրէնս։