Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչը, որ սեպտեմբեր 12-ին Հայաստան ժամանած էր, շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանին ջերմ ընդունելութեան համար։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Քըլըչն այդ մասին գրած է X-ի իր էջին։
«Շնորհակալ եմ ջերմ ընդունելութեան համար։ Ուրախ էի դարձեալ հանդիպելու համար»,- գրած է Քըլըչը։