Ատրպէյճանի մէջ մեկնարկած է Լաչինի միջանցքէն առեւանգուած Վագիֆ Խաչատրեանի գործով դատական նիստը։ Նիստը նախագահած է Պաքուի ռազմական դատարանի դատաւոր Ճամալ Ռամազանովը:
Յիշեցնենք, որ 29 յուլիսին Ատրպէյճանի սահմանապահ ծառայութեան ներկայացուցիչները Բերձորի միջանցքին մէջ ապօրինի տեղակայուած ատրպէյճանական «անցակէտէն» առեւանգած են վիրահատութեան նպատակով Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի միջոցով Արցախէն Հայաստան տեղափոխուող 68-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանին։
Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը յայտարարած է, թէ «անոր մեղադրանք առաջադրուած է» դեռ 2013-ին, անոր կալանաւորելու որոշում կայացուած է, եւ որ նոյն թուականին «միջազգային հետախուզում յայտարարուած է»։
Արցախցիին Պաքուն մեղադրած է «ցեղասպանութեան, ատրպէյճանցիներու տեղահանութեան մէջ»։
Վագիֆ Խաչատրեանը Պաքուէն նամակ ուղարկած էր ընտանիքին, գրած էր՝ «ձեր մասին եմ մտածում, դեռ ողջ եմ, լաւ մնացէք»։