image

Պահեստազօրի հաւաք պիտի կայացուի

Պահեստազօրի հաւաք պիտի կայացուի

ՀՀ Կառավարութեան որոշմամբ՝ յայտարարուած է պահեստազօրի առաջին խումբի առաջին եւ երկրորդ կարգերուն մէջ հաշուառուած շարքային, ենթասպա­յական եւ սպայական կազմերու պահեստազօրայիններու վարժական հաւաքներ՝ 2023 թուականի մայիս 1-էն մինչեւ յուլիս 7-ը ներառեալ:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, կառավարութեան համապատասխան որոշումը ներառուած էր Կառավարութեան հերթական նիստի օրակարգին մէջ։

Վարժական հաւաքներուն պիտի ներգրաւեն մինչեւ 2715 քաղաքացի, որոնցմէ 2431-ը՝ շարքային եւ կրտսեր ենթասպայական կազմերու, 124-ը`աւագ ենթասպայական կազմի, 160-ը` սպայական կազմի պահեստազօրայիններ՝ համազօրային, հրթիռահրետանային մասնագիտութիւններով: