image

Ռուբէն Վարդանեանի գործը առաջիկայ շաբաթներուն պիտի ներկայացուի ՄԻԵԴ. Սիրանուշ Սահակեան

Ռուբէն Վարդանեանի գործը առաջիկայ շաբաթներուն պիտի ներկայացուի ՄԻԵԴ. Սիրանուշ Սահակեան

Ատրպէյճանի մէջ շուրջ երեք տարի գերեվարուած եւ 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած Արցախի նախկին պետական նախարար, բարերար Ռուբէն Վարդանեանի գործով իրաւապաշտպան Սիրանոյշ Սահակեան կը պատրաստուի դիմել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան։ Միջազգային իրաւունքի մասնագէտը նշած է, որ իրենք վերջապէս կրցած են ստանալ Վարդանեանի դատավճիռը, որ անհրաժեշտ էր Եւրոպական դատարանին մէջ գործընթաց սկսելու համար։

«Նախապատրաստական փուլում ենք, շաբաթներ անց արդէն գործը մուտք կ՛արուի», «Ազատութեան» ըսած է Սահակեան։

«Ռուբէն Վարդանեանի պարագայում մենք ցուցադրելու ենք, որ մեղադրանքը քաղաքական է, որեւէ անհատական յանցաւոր արարք երբեւէ Վարդանեանի կողմից չի իրականացուել։ Հաւաքական ինքնորոշման իրաւունքը ապօրինաբար որակաւորուել է որպէս ահաբեկչութիւն, մինչդեռ չի կարող լինել պատիժ՝ առանց օրէնքով նախատեսուած արարքի», ընդգծած է իրաւապաշտպանը։

Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ պահուող միւս 15 հայ գերիներուն, որոնց կարգին Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, ապա Պաքուն տակաւին կը մերժէ անոնց ու նաեւ վերջիններուն հանրային պաշտպաններուն տրամադրել դատավճիռները, որոնք հրապարակուած էին ութ ամիս առաջ։ Այսինքն՝ 15 հայ գերիները առ այսօր զրկուած են իրենց դատավճիռներուն ծանօթանալու կարելիութենէն, մասնաւորապէս՝ թէ ճիշդ ի՛նչ գործողութիւններ կը վերագրուին իրենց եւ ի՛նչ ապացոյցներու հիման վրայ։

«Կարծում եմ՝ փորձում են խոչընդոտել միջազգային բողոքներ ներկայացնելու գործընթացին, եւ նաեւ մենք չենք բացառում, որ այդ դատավճիռները վերջնականացուած էլ չեն, քանի որ դատավարութիւնն ինքնին շինծու էր, եւ քաղաքական պատուէրով էր ձեւաւորուել դատավարութեան ելքը։ Կարծում եմ՝ ժամանակ է անհրաժեշտ, որպէսզի ողջ իրաւապահ համակարգը ինչ-որ պատճառաբանութիւններ ներկայացնի այդ դատական եզրակացութեան մէջ, քանի որ գիտակցում են, որ այս գործընթացները տեղափոխւում են միջազգային ատեաններ», ըսած է միջազգային իրաւունքի մասնագէտը։

Սահակեան ըսած է, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան դիմելու համար անհրաժեշտ է ունենալ դատավճիռները։ Եթէ Ատրպէյճանի դատական իշխանութիւնները շարունակեն չտրամադրել, ապա զայն պիտի ստանան արդէն ՄԻԵԴի միջոցով։ Միջազգային դատարանը տուած է միջանկեալ որոշում, համաձայն որուն, մինչեւ 31 Օգոստոս Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Հայաստանի 15 քաղաքացիներու դատավճիռները պէտք է ներկայացնեն Եւրոպական դատարան։

«Եթէ Եւրոպական դատարանին էլ չտրամադրեն, մենք այստեղ կ՝ունենանք նոր որակի մարդու իրաւունքների խախտման պնդումներ, կարծում եմ՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները չեն գնայ այդ ճանապարհով եւ առնուազն դատավճիռները կը տրամադրեն դատարանին», ընդգծած է Սահակեան։