image

Պահանջած են Պայտընի իշխանազրկումը

Պահանջած են Պայտընի իշխանազրկումը

ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու պալատի Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Լորեն Պոպըրթ պահանջած է պաշտօնաթող ընել նախագահ Ճօ Պայտընը՝ յայտարարելով Աֆղանիստանէն զօրքերը դուրս բերելու սխալներուն մասին:

«Պայտըն դիտաւորեալ անտեսած է ԱՄՆ նախագահի իր պարտականութիւնները եւ խախտած է «հոգ տանիլ օրէնքներու բարեխիղճ կատարման մասին» սահմանադրական երդումը ՝ չապահովելով ԱՄՆ-ի ազգային անվտանգութիւնը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ, որ հրապարակուած է Գոնկրէսի անդամի կայքին մէջ:

Պոպըրթ կը նշէ, որ Աֆղանիստանէն զօրքերու դուրսբերման ժամանակ այնտեղ թանկարժէք սարքաւորումներ մնացած են, եւ այդ գործողութիւններու կամ անոնց հետեւանքով հրաժարականներու վերաբերեալ որեւէ հետաքննութիւն չէ եղած:

Պալատի անդամին պահանջները կը տարածուին նաեւ փոխնախագահ Գամալա Հարիսի վրայ, որուն նոյնպէս ան կոչ կ'ընէ իշխանազրկումի ենթարկել: Ինչպէս յայտնած է Պոպըրթ, Հարիս պէտք է ելոյթ ունենար եւ Պայտընը հեռացնէր գրասենեակէն: ԱՄՆ նախագահին անվճռականութիւնն ու անիրազեկութիւնը ամերիկացիներու կեանքը արժած են Աֆղանիստանի մէջ, կը յայտնէ Պոպըրթ։