Այս տարուան «Օսքար»ին «Լաւագոյն կարճամեթրաժ վաւերագրական ֆիլմ» ճանչցուած է «Վերանորոգման վերջին արհեստանոցը» (The Last Repair Shop) շարժանկարը, որուն մէջ դրուագ կայ Պաքուի մէջ ապրած հայերու մասին։
Ֆիլմի գործողութիւնները տեղի կ՚ունենան Լոս Անճելըսի մէջ։ Այն կը պատմէ չորս նուիրեալ արհեստաւորի մասին, որոնք կ՚աշխատին արհեստանոցին մէջ եւ կը վերանորոգեն ուսանողներու աւելի քան 80,000 երաժշտական գործիքներ: Ֆիլմի հերոսները աշխատանքէն զատ կը պատմեն իրենց ծանր ճակատագրերու մասին:
Հերոսներէն մէկը արհեստանոցի տնօրէն Սթիւ Բաղմանեանն է։ Ան ծնած եւ մեծցած է Պաքուի մէջ, բայց 1987–88 թուականներէն ետք Ատրպէյճանի մէջ սկսած են տեղի բնակիչ հայերու նկատմամբ հալածանքները, ջարդերը։ Ան պատմած է Պաքուի մէջ հայերու ջարդերէն առաջ խորհրդային Ատրպէյճանէն փախչելու մասին:
«Ես փոքրիկ հայ տղայ էի, որ կ՚ապրէր Պաքուի մէջ... Ծնողներս չէին կրնար պատկերացնել, որ որեւէ վատ բան կրնայ տեղի ունենալ, որովհետեւ մենք ունէինք ընկերներ, հարեւաններ, որոնց հետ կողք կողքի ապրեր ենք այդքան տարի: Եւ ոչ ոք կը մտածէր, որ պատերազմ կը սկսի: 1986-1987 թուականներուն բոլոր հայերը սկսան վռնտել Պաքուէն: Օրէ օր աւելի դժուար կը դառնար: Մենք կը հաւաքուէինք միասին դուրսը, մեր շէնքերու մօտ, խարոյկ կը վառէինք եւ ամբողջ գիշեր կը հսկէինք մեր տուները: Սակայն ամէն օր աւելի քիչ մարդ կը մնար մեր հետ, որովհետեւ ամէն օր աւելի վտանգաւոր կը դառնար, եւ մարդիկ կը վախնային ապրիլ այնտեղ:
Հայրս լաւատես էր, կ՚ըսէր. «Սթիւ, ես ոչ մէկ տեղ պիտի երթամ, ես ոչ մէկուն վատ բան ըրած եմ, որ մեզի նեղացնեն: Մենք կ՚ապրինք Խորհրդային Միութեան մէջ եւ մեր կառավարութիւնը թոյլ չի տար, որ նման բան պատահի»: Ան խելացի մարդ էր, բայց սխալեցաւ: Անոր սպանեցին աշխատանքի վայրին մէջ:
Ես քսան տարեկան էի, պէտք է վերցնէի մօրս ու հեռանայի այնտեղէն: Ուստի ուղղակի փակեցինք դուռը, ամէն ինչ ձգեցինք: Օդակայան հասնիլը հեշտ չէր, քանի որ հայու տեսք ունիս ու մարդիկ կրնան փողոցին մէջ կանգնեցնել քեզ եւ վնասել: Բայց իմ ատրպէյճանցի ընկերները մեզի հասցուցին օդակայան եւ մարդկային միջանցք ստեղծեցին այնտեղ, որ անցնինք», - պատմած է Բաղմանեանը՝ չկարենալով զսպել յուզմունքը։
Այնուհետեւ ան խօսած է Ամերիկա տեղափոխուելու եւ այնտեղ դաշնամուրով հրապուրուելու մասին:
Շարժանկարի բեմադրիչներն են Պեն Փրատֆութը եւ Քրիս Պոուըրսը։
2024 թուականի փետրուար 16–ին ֆիլմը ցուցադրուած է Ամերիկայի եւ Գանատայի մէջ աւելի քան 700 անգամ։