Օրը ցերեկով ծանր ոճրագործութիւն մը գործուած է Լիբանանի ծովափնեայ Թրիփոլի քաղաքին մէջ։
Այս մասին տեղեկացանք «Ալ Ժատիտ» կայանէն։ Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ ներքին անվտանգութեան ուժերու նախկին ոստիկանը օրը ցերեկով կրակ բացած է իր նախկին կնոջ ուղղութեամբ եւ տեղն ու տեղը սպաննած զայն։ Անցորդներ հաւաքուած են դէպքի վայր ու սկսած են հարուածներ տալ նախկին ոստիկանին։
Կը նշուի, որ նոյնիսկ ապահարզանէն ետք ամուսինը խնդիրներ ունէր իր նախկին կնոջ հետ, որ կը կոչուի Մունա Ալ Հոմսի (50 Տարեկան) ։
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի մէջ տիրող ծանր պայմանները իրենց ազդեցութիւնը կ՚ունենան երկրի տարբեր ոլորտներուն վրայ պատճառ դառնալով, որ անիշխանականութիւնը տիրական դառնայ Լիբանանի մէջ։
Օրը ցերեկով ծանր ոճրագործութիւն՝ Թրիփոլի քաղաքին մէջ։@Arevelk pic.twitter.com/rGqmJzDiv5
— arevelk.am (@arevelk1) March 1, 2023