image

«Օրորա» մրցանակը 1 միլիոն տոլար կը տրամադրէ գաղթական մանուկներու եւ որբերու

«Օրորա» մրցանակը 1 միլիոն տոլար կը տրամադրէ գաղթական մանուկներու եւ որբերու

«Օրորա» մրցանակը աշխարհի չորս երկիրներու մէջ գումարներ պիտի յատկացնէ՝ գաղթական երեխաներու եւ որբերու աջակցութեան վերաբերող քանի մը ծրագիրներու: Մրցանակի առաջին՝ 1 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւնը պիտի ուղարկուի Ռուանտայի, Եթովպիոյ, Քոնկոյի եւ Պրազիլի մէջ իրականացուող նախագիծերուն՝ պայքարելու մանկական աղքատութեան դէմ եւ նպաստելու գաղթական երեխաներուն ու որբերուն ցուցաբերուող աջակցութեան:

«Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան հեղինակ IDeA (Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ) բարեգործական հիմնադրամէն, «Օրորա» մրցանակի դափնեկիր,  Պուրունտիի Խաղաղութեան տուն (Maison Shalom) խնամատար հաստատութեան եւ ՌԵՄԱ հիւանդանոցի հիմնադիր Մարկարիթ Պարանքիցէ այս տարի ստացաւ 100 հազար տոլարի պարգեւ եւ առաւել ազդեցութիւն գործելու կարելիութիւն՝ 1 միլիոն տոլարի դրամաշնորհին համար առաջադրելով զինք գործի մղած եւ ոգեշնչած մարդասիրական կազմակերպութիւնները: Պարանքիցէ ընտրեց իր գործընկերները՝ «Պրիտերլեխ Տելեն» (Լիւքսեմպուրկ), «Ժան Ֆրանսուա Փեթերպրոք» եւ Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դքսի եւ Մեծ Դքսուհիի հիմնադրամները, որոնք իրենց հերթին 19 Օգոստոսին յայտարարած են անունները այն նախագիծերուն, որոնց պիտի ուղղուի մրցանակի ֆինանսական աջակցութիւնը:

Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դքսի եւ Մեծ Դքսուհիի հիմնադրամը իր բաժինը պիտի տրամադրէ Եգիպտոսէն Եթովպիա գաղթած էրիտրէացի 200 գաղթականներու օժանդակութեան: 

«Օրորա» մրցանակը պիտի օժանդակէ նաեւ «Ժան Ֆրանսուա Փեթերպրոք» հիմնադրամին՝ աջակցելու լքուած, բռնութենէն եւ այլ դժուարութիւններէ տուժած երիտասարդ կիներուն ու աղջիկներուն՝ վերահամարկման, կրթական եւ տնտեսական–վերականգնողական աջակցութեան հնարաւորութիւններ ընձեռելու միջոցով:

«Պրիտերլեխ Տելեն» հիմնադրամը կը նախատեսէ դրամական միջոցները տրամադրել Ռիօ տէ Ժաներոյի մէջ շատ աղքատ թաղամասերու երիտասարդ բնակիչներուն կրթութեան կարելիութիւններ ընձեռելուն: 100 երեխաներու եւ 67 մեծահասակներու համար պիտի ստեղծուի քաղաքացիական կրթութեան ծրագիր՝ հմտութիւններ, որոնք անհրաժեշտ են թմրանիւթի ծուղակներէն պաշտպանուելու համար: Ռուանտայի կաթողիկէ թեմին հետ անոնք միջոցներ պիտի յատկացնեն նաեւ դպրոցական կառոյցներու բարելաւման ու արդիականացման:

Երեք կազմակերպութիւնները պիտի շարունակեն աջակցիլ Մարկարիթ Պարանքիցէի «Խաղաղութեան Տան», որ հիմնուած է 1993ին՝ դառնալով 25 որբերու խնամակալ, եւ մինչ օրս աջակցած է 30,000 որբերու եւ կարիքաւոր երեխաներու: