Քէնիա- Ամերիկայի նախագահ Պարաք Օպամա այսօր Քէնիա ժամանեց: Նախագահը երկրորդ անգամն է, որ իր հօր ծննդավայր երկիրը կ'այցելէ: Առաջին անգամ ան Նայրոպի հասած էր երբ Գոնկրէսի անդամ էր: Կը հաղորդուի, որ Օպամա իր հօր ծննդավայր գիւղը պիտի չայցելէ այլ անոր հարազտները մայրաքաղաք Նայրոպի պիտի հասնին իր հետ հանդիպում ունենալու համար: Կը նախատեսուի նաեւ, որ ԱՄՆ-ու նախագահը Ափրիկեան այս այցելութիւններու ծիրին մէջ հասնի Ատիս Ապէպա (Եթովպիա):