Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ, կիրակի 5 յունիսին, տեղի պիտի ունենայ Արցախի զօրակցական հաւաք: Նախաձեռնութիւնը կազմակերպուած է Հ.Յ.Դ «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէի եւ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի կողմէ, ինչպէս նաեւ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ եւ Հայ Կեդրոնի մէջ գործող բոլոր միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն մասնակցութեամբ։
Հաւաքի ընթացքին նախատեսուած է օրուայ յատուկ յայտագիր, ուղիղ եթեր Արցախի հետ եւ նուիրահաւաք։