image

ՀՅԴ ԳԵՄ-ի նախաձեռնութեամբ Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ «110 քլմ.՝ 110 տարի» վազքարշաւը

ՀՅԴ ԳԵՄ-ի նախաձեռնութեամբ Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ «110 քլմ.՝ 110 տարի» վազքարշաւը

Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցած է Ապրիլեան ոգեկոչման եզրափակիչ նախաձեռնութիւնը՝ «110 քլմ.՝ 110 տարի» վազքարշաւը, որուն նուիրատութիւնները յատկացուած են «hearts of hope – Յոյսի օճախներ» ՀՕՄ-ի հաստատութեան, որ կը միտի օճախներ ապահովել անօթեւան մնացած արցախահայութեան։

Այս լուրին մասին «Արեւելք» իմացաւ Գանատայի ՀՅԴ Օրկան՝«Հորիզոն»էն։

Ստորեւ հրապակարակուած տեղեկատւութիւնը՝

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Թորոնթոյի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղին, թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան ոգեկոչման եզրափակիչ նախաձեռնութիւնը՝ «110 քլմ.՝ 110 տարի» վազքարշաւը, որուն նուիրատութիւնները պիտի յատկացուին «hearts of hope – Յոյսի օճախներ» ՀՕՄ-ի հաստատութեան, որ կը միտի օճախներ ապահովել անօթեւան մնացած արցախահայութեան։

Քայլարշաւի բացումը կատարուեցաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներով, որուն յաջորդեց Էլիզապէթ Գանտահարեանի բացման եւ ողջոյնի խօսքը, որուն մէջ ըսաւ. «Այսօրուան ձեր ներկայութիւնը լուրջ նշանակութիւն եւ իմաստ ունի մեզի համար։ Այսօր կը նշուի ցեղասպանութեան 110-ամեակը. մեր վազքը կը նուիրենք անոնց, որոնք լուռ էին եւ չկրցան խօսիլ կամ բռնի ուժով տեղահանուեցան իրենց տուներէն։ Մեր ամէն մէկ քայլը յիշեցում է, որ պատմութիւնը չէք կրնար աղաւաղել եւ ուրացման ենթարկել»։

Սոյն նախաձեռնութիւնը սկիզբ առաւ Շաբաթ երեկոյեան ժամը 6։00-ին Ալպերթ Աճէմեանի վազքարշաւով, որ վազեց ամբողջ 110 քլմ., իրեն միացաւ Սամ Մանուկեանը 30 քլմ.-էն անդան, ինչպէս նաեւ ամէն 10 քլմ.` ԳԵՄ-ականններու խումբ մը։ Սոյն վազքարշաւը տեւեց մինեւ յաջորդ առաւօտ ժամը 10։00, որուն ընթացքին վազող խումբին միացան երիտասարդներ, պատանիներ, փոքրեր եւ համայնքէն հայորդիներ՝ վազելով 10 քլմ., կամ քալելով 5 քլմ.։