«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանը չի բացառեր փողոցային պայքարով Նիկոլ Փաշինեանը հեռացնել վարչապետի պաշտօնէն։
«Ընտրութիւններն ամբողջութեամբ տապալուած են, կեղծուած են։ Եթէ մենք գտնենք, որ խորհրդարան գնալով մենք աւելի հեշտ կը հեռացնենք Փաշինեանին, ուրեմն կը գնանք խորհրդարան։ Եթէ գտնենք, որ կարող ենք հեռացնել փողոցային պայքարով, ուրեմն կը հեռացնենք փողոցային պայքարով»,- յունիս 12-ին դատարանի բակին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Կարապետեանը։
Կարապետեանի համոզմամբ՝ Նիկոլ Փաշինեանը չէ յաղթած ընտրութիւններուն, եւ, եթէ այժմ կառավարութիւն ձեւաւորէ, այն օրինական պիտի չըլլայ։
«Եթէ ինքը (խմբ․ Փաշինեանը) վստահ է, որ յաղթել է, մենք առաջարկում ենք գնալ ճիշդ ճանապարհով, Հայաստանը պէտք է ունենայ լեգիտիմ իշխանութիւն։ Առաջարկում ենք գնալ ընտրութիւնների երկրորդ փուլ»,- ըսած է Կարապետեանը։
Ըստ Սամուէլ Կարապետեանի՝ ընտրութիւններու երկրորդ փուլը հեշտ պիտի ըլլայ, քանի որ ձայներ փոշիացնող ուժերը պիտի չըլլան ընտրապայքարին մէջ։
Յունիս 12-ին «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը Ազգային ժողովի ընտրութիւններն անվաւեր ճանչնալու դիմում ներկայացուցած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով։