image

«Խաղ կրակի հետ». ԱՄՆ-Իրան հրադադարը առկայ է, բայց շատ փխրուն

«Խաղ կրակի հետ». ԱՄՆ-Իրան հրադադարը առկայ է, բայց շատ փխրուն

Լարուածութիւնը կը շարունակուի 

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ լարուածութիւնը տակաւին չէ մարած։ Թէեւ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ 8 Ապրիլին ուժի մէջ մտած հրադադարը առայժմ կը կանխէ լայնածաւալ պատերազմի բռնկումը, սակայն վերջին զարգացումները ցոյց կու տան, որ տարածաշրջանը տակաւին հեռու է իրական եւ ամբողջական խաղաղութենէ։

Վերջին օրերուն Միացեալ Նահանգներ նոր հարուածներ հասցուց Իրանեն որոշ թիրախներու, իսկ Թեհրան պատասխան գործողութիւններ իրականացուց Քուէյթի եւ Պահրէյնի ուղղութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ Իսրայէլ եւս սաստկացուց  իր ռազմական գործողութիւնները Լիբանանեան հարաւին մէջ եւ անգամ սպառնաց տարածել իր հարուածները մինչեւ մայրաքաղաք Պէյրութ։ Այս իրադարձութիւնները նոր կասկածներ կը յառաջացնեն հրադադարի կայունութեան շուրջ։

 Մեծ թիւով վերլուծաբաններու կարծիքով՝ խաղաղութեան ճանապարհին չորս հիմնական խոչընդոտներ կան։

Առաջինը փոխադարձ անվստահութիւնն է։ Իրանը չի վստահիր, որ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ կրնայ երկարատեւ եւ վստահելի համաձայնութիւն ապահովել կամ ամբողջութեամբ յարգել իր ստանձնած պարտաւորութիւնները։

Երկրորդ խոչընդոտը ուղղակի հաղորդակցութեան բացակայութիւնն է։ Անցեալ Ապրիլին Իսլամապատի մէջ տեղի ունեցած բարձր մակարդակի հանդիպումէն ետք կողմերուն միջեւ արդիւնաւէտ ուղիղ կապ չէ հաստատուած, եւ հաղորդակցութիւնը կը շարունակուի միջնորդներու միջոցով։

Երրորդ խնդիրը ակնկալութիւններու տարբերութիւնն է։ Թեհրան կը պահանջէ յստակ երաշխիքներ՝ պատժամիջոցներու վերացման, սառեցուած միջոցներու ազատ արձակման եւ ամերիկեան քաղաքականութեան կայունութեան վերաբերեալ, մինչ Ուաշինկթըն կը ձգտի աւելի արագ եւ քաղաքական շահ ապահովող համաձայնութեան։

Չորրորդ խոչընդոտը ներքին քաղաքական ճնշումներն են։ Թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ՛ Իրանի մէջ որեւէ փոխզիջում կրնայ խիստ քննադատութեան արժանանալ եւ քաղաքական հակազդեցութիւններ յառաջացնել։

Սակայն հիմնական խնդիրը աւելի խորունկ է։ Երկու կողմերն ալ կը կարծեն, թէ ժամանակը իրենց օգտին կ՚աշխատի։ Իրան կը պնդէ, թէ յաջողած է դիմադրել ամերիկեան եւ իսրայէլեան ճնշումներուն, մինչդեռ ԱՄՆ-ը համոզուած է, թէ զգալիօրէն թուլցուցած է Իրանի դիրքերը։

Իրականութեան մէջ, սակայն, երկու կողմերն ալ կը կրեն այս ճգնաժամին հետեւանքները։ ԱՄՆ-ը կը դիմագրաւէ քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմավարական մարտահրաւէրներ, իսկ Իրան կը շարունակէ պայքարիլ տնտեսական ծանր պայմաններու, սղաճի եւ ներքին դժգոհութիւններու դէմ։

Ներկայ հրադադարը կը նպաստէ լայն պատերազմէ խուսափելուն, բայց տակաւին չի ստեղծեր տեւական խաղաղութեան հիմքերը։ Եթէ Ուաշինկթըն եւ Թեհրան չկարենան ամրապնդել ուղղակի հաղորդակցութիւնը եւ իրական քաղաքական գործընթաց մը սկսիլ, ապա Ապրիլի հրադադարը կրնայ վերածուիլ ապագայ նոր բախումներու նախերգանքին։

 

Ծոցի մէջ «եռուզեռ». Թեհրան կը սաստկացնէ իր ռազմական պատասխանները

Ծոցի շրջանին մէջ ռազմական լարուածութիւնը կը շարունակէ աճիլ։ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ, հակառակ շարունակուող բախումներուն, կը պնդէ, որ դիւանագիտական ուղին պէտք է պահպանուի եւ Իրանի հետ բանակցութիւնները շարունակուին։

 Թրամփ նաեւ յայտնած է, թէ հեռաձայնային զրոյցի մը ժամանակ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուին կոչ  ըրած է զսպուածութիւն ցուցաբերելու Լիբանանի մէջ ռազմական գործողութիւններու հարցով։ Ան ընդգծած է, որ, հակառակ որոշ տարակարծութիւններու, երկու կողմերը կը շարունակեն սերտ համագործակցութիւնը։

Իրանի վերաբերեալ խօսելով՝ Թրամփ նշած է, որ բանակցային գործընթացին մէջ ներգրաւուած է նաեւ Իրանի գերագոյն առաջնորդ Այաթոլլա Սէյիտ Մոժթապա Խամենէին, եւ չէ բացառած ապագային անոր հետ հանդիպելու հնարաւորութիւնը։ Ան նաեւ կարծիք յայտնած է, թէ ճգնաժամը կրնայ շուտով լուծման ուղի մտնել։

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքճի իր հերթին յայտարարած է, որ Ուաշինկթընի հետ շփումներն ու հաղորդագրութիւններու փոխանակումը կը շարունակուին, սակայն տակաւին վաղ է որեւէ վերջնական եզրակացութեան հասնիլ։ Ան շեշտած է, որ մինչեւ յստակ համաձայնութեան ձեռքբերումը շրջանառուող տեղեկութիւնները պէտք չէ վերջնական համարուին։

 Իր կարգին, յախուռն կեցուածքներով յայտնի Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆ զգուշացուցած է, որ Իրանը այլեւս առանց պատասխան տալու չի հանդուրժեր սպառնալիքները, եւ որեւէ յարձակում պիտի արժանանայ վճռական ու համաչափ հակադարձութեան։

Այս յայտարարութիւններուն զուգահեռ, տարածաշրջանին մէջ ռազմական բախումները եւս սաստկացած են։ Իրանի ռազմածովային ուժերը յայտարարած են, թէ թիրախաւորած են ամերիկեան ռազմական նաւ մը Օմանի ծոցին մէջ։ Իսկ «Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու պահակագունդ»ը հաղորդած է, որ հրթիռներով եւ անօդաչու սարքերով հարուածներ հասցուցած է ամերիկեան ռազմակայանի մը։Նոյն առումով Քուէյթի բանակը տեղեկացուցած է, թէ վնասազերծած է 13 հրթիռ եւ 17 անօդաչու սարք։ Յարձակումներուն հետեւանքով արձանագրուած են զոհեր, վիրաւորներ եւ նիւթական զգալի վնասներ, ներառեալ վնասներ Քուէյթի միջազգային օդակայանին մէջ։

Այս զարգացումներուն լոյսին տակ, Նաթանիահու Իրանի գործողութիւնները բնորոշած է որպէս «կրակով խաղալ» եւ զգուշացուցած, որ Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները պատրաստ են պատասխանելու, եթէ Թեհրան խախտէ հրադադարի պայմանները։ Իսկ Իսրայէլի զինուած ուժերու ընդհանուր սպայակոյտի պետ Էեալ Զամիր շեշտած է, որ իր երկիրը պատրաստ է անհրաժեշտութեան պարագային անմիջապէս վերադառնալու Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններու։


 

Հրադադար՝ առանց խաղաղութեան. ԱՄՆ-Իրան ճգնաժամը նոր հանգրուանի մը առջեւ

ԱՄՆ-Իրան հրադադարը առայժմ կը պահպանուի, սակայն անոր ապագան կը մնայ անորոշ։ Չնայած  անոր, որ կողմերը կը խուսափին լայնածաւալ պատերազմի վերադարձէն, վերջին ռազմական գործողութիւնները  սակայն կը փաստեն, որ իրական խաղաղութեան համար անհրաժեշտ քաղաքական պայմանները տակաւին չեն հասունացած։

Խնդրին հիմնական պատճառը փոխադարձ անվստահութիւնն է։ Թեհրան կը պահանջէ ամուր երաշխիքներ, մինչ Ուաշինկթըն կը նախընտրէ արագ քաղաքական արդիւնքներ։ Միեւնոյն ժամանակ, կողմերը կը շարունակեն իրարու վրայ ճնշում գործադրել՝ համոզուած ըլլալով, որ ժամանակը իրենց օգտին կ՚աշխատի։

Իսրայէլի եւ Ծոցի երկիրներուն ներգրաւուածութիւնը եւս կը բարդացնէ կացութիւնը։ Լիբանանի, Քուէյթի եւ Պահրէյնի շուրջ արձանագրուող զարգացումները կը վկայեն, որ որեւէ միջադէպ կրնայ արագօրէն վերածուիլ աւելի լայն տարածաշրջանային ճգնաժամի։

Այս պայմաններուն մէջ հրադադարը աւելի շատ ուժերու ժամանակաւոր հաւասարակշռութիւն կը ներկայացնէ, քան՝ խաղաղութեան ճանապարհային քարտէս։ Առանց ուղղակի երկխօսութեան, վստահութեան վերականգնման եւ քաղաքական փոխզիջումներու, ներկայ հանգստութիւնը կրնայ վերածուիլ նոր բախումներու նախերգանքի։

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...