Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը կրնան յառաջիկայ շաբաթուան սկիզբը ստորագրել փոխըմբռնման յուշագիր, որ ճանապարհ պիտի հարթէ երկարաժամկէտ համաձայնութեան շուրջ հետագայ բանակցութիւններու համար։ Այս մասին կը հաղորդէ CBS-ը՝ վկայակոչելով իրազեկ աղբիւրներ։
«Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրը, մեծ հաւանականութեամբ, պիտի ստորագրուի յառաջիկայ շաբաթուան սկիզբը, որ ճանապարհ պիտի բանայ ամերիկա-իրանական երկարաժամկէտ համաձայնութեան շուրջ հետագայ բանակցութիւններու համար»,– կը նշէ հեռուստաընկերութիւնը՝ յղում կատարելով դիւանագիտական ջանքերուն տեղեակ երկու աղբիւրներու։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ իրանական Mehr լրատուական գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ յուշագիրը պիտի բաղկանայ 14 կէտերէ։ Անոր մէջ նշուած է, որ Իրանն ու Միացեալ Նահանգները 60 օրուան ընթացքին պիտի վարեն միջուկային բանակցութիւններ, որոնց արդիւնքով համաձայնագիր պիտի կնքուի։