«Թրքական օդանաւային ուղիները» (Turkish Airlines) կանոնաւոր թռիչքներ պիտի կատարեն դէպի Երեւան, կը հաղորդեն թրքական առաջատար լրատուամիջոցները։
Կը հաղորդուի, թրքական օդանաւային ընկերութիւնը նոր թռիչք նախաձեռնած է ոչ միայն դէպի Երեւան, այլեւ դէպի Ռումանիոյ Թիմիշոարա քաղաք։ Թրքական կողմը նոր ուղղութիւններու մեկնարկը բացատրած է «Թրքական օդանաւային ուղիները» ցանցի ընդլայնմամբ։
Երկու երկիրներու միջեւ հաղորդակցութիւններու խթանման նիւթը քննարկուած էր Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըչի վերջին՝ Երեւանի մէջ սեպտեմբեր 12-ին կայացած վեցերորդ հանդիպման ընթացքին։
Յատուկ ներկայացուցիչները հանդիպման ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, համաձայնած էին իրականացնել «անհրաժեշտ աշխատանքներ՝ միտուած այլ շահագրգռուած ընկերութիւններու կողմէ 2026-ի ամրան տարբեր ուղղութիւններով թռիչքներ իրականացնելուն»։
Ներկայիս Երեւան–Իսթանպուլ եւ հակառակ ուղղութեամբ թռիչքները կը կատարեն Flyone Armenia-ն եւ թրքական պիւճեթային «Փեկասուս» ընկերութիւնները։ Անոնք թռիչքներ կը կատարեն 2022-էն ի վեր։