Հայաստանի մէջ դեկտեմբեր 31-ին`Նոր տարուան գիշերը, ձիւն պիտի չտեղայ։ Տեղեկութիւնը «Sputnik Արմենիա»ին յայտնած է ՀՀ շրջակայ միջավայրի նախարարութեան հիտրոօդերեւութաբանութեան կեդրոնի տնօրէնի տեղակալ Գագիկ Սուրէնեանը։
«Ո՛չ Նոր տարուայ գիշերը, ո՛չ էլ ցերեկը ձիւն չի լինի։ Առաջիկայ 5-6 օրը տեղումներ չեն լինի, որովհետեւ անտիցիկլոնային դաշտի ազդեցութեան գօտում ենք»,–ըսած է Սուրէնեանը։
Ան նշած է, որ երէկ Արարատեան դաշտին մէջ մինչեւ +17.5 աստիճան գրանցուած է, որ հայաստանեան օդերեւութաբանական պատմութեան մէջ ամենաբարձր ջերմաստիճանը եղած է դեկտեմբերի 3-րդ տասնօրեակին։
Սուրէնեանի խօսքով` Հայաստանն առաջիկայ 5 օրերուն դեռ արեւադարձային տաք օդի ալիքի ազդեցութեան գօտիի մէջ պիտի ըլլայ` Սիւնիքի հովտային գօտիին մէջ մինչեւ 20 աստիճան տաքութիւն պիտի դիտուի, Տաւուշի ցածրադիր հատուածներուն եւ Արարատեան դաշտին մէջ` մինչեւ 15-16 աստիճան։ Դեկտեմբեր 29-ին` գիշերային ժամերուն, մօտ 3-4 աստիճանով պիտի ցրտի, բայց ցերեկը ջերմաստիճանի փոփոխութիւն պիտի չըլլայ։
Այժմ Հայաստանի մէջ օդի ջերմաստիճանը կլիմայական սահմանուած կարգէն բարձր է 10-12 աստիճանով։ Սուրէնեանն այս իրավիճակը կը բացատրէ 2 բաղադրիչով` համաշխարհային ընդհանուր տաքացմամբ, եւ որ Հայաստանն այժմ տաք շրջանի մէջ է։
2024 թուականի յունուարի վերաբերեալ կանխատեսումները պիտի ըլլան դեկտեմբեր 29-ին։