Լիբանանի խորհրդարանի անդամ եւ ՀՅԴ Լիբանանի մարմնի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այսօր լրագրողներուն հետ խօսելով յայտարարած է, որ յառաջիկայ օրերուն կազմուելիք կառավարութեան կազմին մէջ լիբանանահայութիւնը պիտի ներկայացուի երկու հայ նախարարներով։
Բագրատունի այս յայտարարութիւնները կատարած է Վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք։ Պէյրութի վարչապետարանին մէջ կայացած հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան։
Նշենք, որ վերջին տուեալներուն համաձայն Լիբանանի նոր կառավարութիւնը պիտի կազմուի յառաջիկայ օրերուն։