image

Nike ընկերութենէն 30 000 զոյգ կօշիկ բուժաշխատողներուն

Nike ընկերութենէն 30 000 զոյգ կօշիկ բուժաշխատողներուն

Մարզական հագուստի, կօշիկներու եւ պարագաներու արտադրութեամբ զբաղող Nike ընկերութիւնն աւելի քան 30 հազար զոյգ կօշիկ պիտի բաժնէ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի բուժաշխատողներուն, որոնք ներգրաւուած են «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու բուժման գործին, գրած է CNN-ը։

Կայքին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ ընկերութիւնը յայտնած է, որ այդպիսով որոշած է շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր բուժաշխատողներուն։

Air Zoom Pulse-ը, որ թողարկուած է 2019 թուականի նոյեմբերին, «ընկերութեան առաջին կօշիկն է, որ նախատեսուած է բժիշկներու՝ մերօրեայ հերոսներուն համար»,-ըսուած Է Nike-ի յայտարարութեան մէջ: