image

ՆԳՆ-ն կը հերքէ. Gas Oil Պենզինի կայարանի հրդեհին հետեւանքով զոհեր չկան

 ՆԳՆ-ն կը հերքէ. Gas Oil Պենզինի կայարանի հրդեհին հետեւանքով զոհեր չկան

 Հայաստանի Հանրապետութեան Ներքին Գործոց Նախարարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը եկաւ փարատելու այն մտավախութիւնները ըստ որոնց, երէկ Երեւան- Սեւան (Աբովեան քաղաքի մերձ) ճանապարհին վրայ գտնուող  պէնզինի կայարանին մէջ ծագած հրդեհին հետեւանքով գրանցուած են զոհեր։

 

 ՀՀ ՆԳՆ-ն նաեւ հաստատած է, որ մեծ հրդեհին հետեւանքով այրուածքներ ստացած են 7 անձեր, որոնք բոլորն ալ փոխադրուած են հիւանդանոց։ 

 Վիրաւորներէն մին արդէն դուրս եկած է հիւանդանոցէն, իսկ մնացած 6 -ը կը գտնուին բժիշկներու վերահսկողութեան ներքոյ։

 Կ՚ըսուի նաեւ, որ այրուածք ստացածներուն 2-ին վիճակը բաւականին ծանր է։

 «Արեւելք»ի ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ երէկ մեծ պայթում մը լսուած էր Աբովեան քաղաքին մէջ, որմէ ետք պարզ դարձաւ, որ պայթումը եղած է քաղաքին մերձ գտնուող Gas Oil  պէնզինի կայարանին մէջ։

 

 Եղած պայթումին հետեւանքով հրդեհը տարածուած էր նաեւ կայարանին մէջ գտնուող  հեղու կազի մեծ ամբարին մէջ։