Օրեր առաջ Լեռնալիբանանի Պուրճ Համուտ- Ժըտայտէ շրջաններուն հանդիպակաց ծովեզերեայ շրջանին մէջ հրդեհ ծագած էր՝ աղբի թափօններու կեդրոնատեղիին մէջ։
Այս առթիւ ալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը հրապարակած է հակիրճ հաղորդագրութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
«Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատի քաղաքապետութեան իրաւասութեան տակ գտնուող շրջանին մէջ հինգշաբթի, 12 օգոստոս 2024-ի գիշերին Պուրճ Համուտ-Ժտէյտէ թափօններու թաղման վայրի մէջ ծագած հրդեհը բարձրացուց ալիք մը յայտարարութիւններու եւ գրառումներու, որոնց մէկ մասը սխալներ եւ յերիւրանքներ կը պարունակեն:
«Ուստի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը խոր ցաւ կը յայտնէ տեղի ունեցած հրդեհին համար եւ կու գայ յստակացնելու հետեւեալը.
«Առաջին` Պուրճ Համուտ-Ժտէյտէ թափօններու թաղման վայրը բացուեցաւ նախարարաց խորհուրդի 7 մարտ 2016-ի թիւ 1 որոշումով, եւ անոր մէջ աշխատանքը գործադրուեցաւ երկու փուլով. առաջին փուլին տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան իրաւասութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ աղբերու բջիջներու մէջ թաղումը, եւ այդտեղ աշխատանքը տարիներէ ի վեր աւարտած է, այդ ատենէն ի վեր մինչեւ այս օրս այդտեղ որեւէ աղբ չէ մտած: Իսկ երկրորդ փուլին սկսաւ Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ քաղաքապետութեան իրաւասութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ եղող բջիջներուն մէջ աղբերու թաղման աշխատանքը:
«Երկրորդ` նշեալ հրդեհը յառաջացաւ թափօններու թաղման վայրի Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ քաղաքապետութեան իրաւասութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ եղող բաժինին մէջ եւ չմօտեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան տարածքին մէջ գտնուող բաժինին, որ աղբերէ դատարկ դարձած է, փակուած է, այդտեղ գտնուող բոլոր փոսերը մշակուած են բարձրագոյն արժեչափերու համաձայն եւ մասնագէտներու եւ առնչակից վարչութիւններու հսկողութեամբ, ինչպէս բոլորը տեղեակ են, եւ բոլորին ծանօթ է:
«Երրորդ` վերոնշեալին հակասող բոլոր պնդումները բացարձակ յերիւրանքներ են, զրպարտութիւն ու իրականութեան հակասող են, եւ անոնց պատասխանատուութիւնը կը կրեն զանոնք արտայայտողները: Անոնց բոլորին կոչ կ՛ուղղենք` այս բոլոր յերիւրանքները անտեղի կերպով արտայայտելէ եւ զանոնք բացարձակապէս անձնական ու ամբոխահաճոյական շահերու համար շահագործելէ առաջ, ուղղուելու Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան իրաւասութեան տակ գտնուող թափօններու թաղման վայր:
«Չորրորդ եւ վերջին` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը այս տեղեկութիւնները կը դնէ հասարակութեան տրամադրութեան տակ` տարաձայնութիւնները հերքելու համար, եւ հասարակական գործերով եւ հանրային պատասխանատուութիւն կրող իւրաքանչիւրը կը յորդորէ սխալ տեղեկութիւններ եւ յերիւրանքներ արտայայտելու փոխարէն աշխատանք տանելու` գտնելու համար աղբերու տագնապը դարմանելու այլընտրանքային ու տրամաբանական լուծումներ, որոնք կը կանխարգիլեն Պէյրութի եւ Մեթնի աղբերով ողողումը»: