ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթենպըրկ Պրիւքսէլի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումէն յետոյ մասնակցած է համատեղ մամուլի ասուլիսին, ուր անդրադարձած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարին:
Պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ ի՞նչ դեր կրնայ ունենալ ՆԱԹՕ-ն Ատրպէյճանի հետ «խաղաղութեան պայմանագրի» ստորագրման համար Հայաստանը «համոզելու» հարցին մէջ, Սթոլթենպըրկ ըսած է, որ իրենք խորապէս հաւատացած են, որ կարեւոր է շարունակել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը:
«Կը փափաքիմ ընդգծել, որ երկխօսութիւնը կը շարունակուի, կարգաւորումը կը շարժի ճիշդ ուղղութեամբ եւ կարեւոր է խուսափիլ գործողութիւններէ, որոնք կրնան բռնութեան վերսկսման առիթ դառնալ: Հարցերը պէտք է կարգաւորուին դիւանագիտական ուղիներով:
ՆԱԹՕ-ն որեւէ մէկուն կողմը չ'անցնիր, որովհետեւ մեզի համար արժէքաւոր գործընկեր է ոչ միայն Ատրպէյճանը, այլեւ՝ Հայաստանը: Ուստի աջակցութիւն կը յայտնենք դիւանագիտական ջանքերուն, եռակողմ ջանքերուն եւ խորապէս կ'աջակցինք հայ-ատրպէյճական յարաբերութիւններու կարգաւորման», եզրափակած է Հիւսիսատլանտեան դաշինքի գլխաւոր քարտուղարը: