Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն հեռախօսազրոյց ունեցած եւ շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփին եւ գործող նախագահ Ճօ Պայտընին՝ Կազայի հատուածի շուրջ համաձայնութեան հասնելու հարցով օգնելու համար՝ յայտնած է Նաթանիահուի գրասենեակը։
Իսրայէլի վարչապետն «ընդգծած է իր յանձնառութիւնը՝ բոլոր պատանդները որեւէ անհրաժեշտ միջոցներով վերադարձնելու հարցով» եւ ողջունած Թրամփի խօսքերը, որ Միացեալ Նահանգները պիտի աշխատի Իսրայէլի հետ՝ երաշխաւորելու, որ Կազան այլեւս չդառնայ ահաբեկչութեան ապահով ապաստան: Իսրայէլի վարչապետն ու Թրամփը պայմանաւորուած են շուտով հանդիպիլ Ուաշինկթընի մէջ:
Մինչ լրատուամիջոցները լայնօրէն կ՚անդրադառնան համաշխարհային առաջնորդներու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ համաձայնագրի ողջունման, ըստ Associated Press-ի՝ Նաթանիահուի գրասենեակը ուղղակիօրէն չէ հաստատած, որ Իսրայէլն ընդունած է համաձայնագիրը։
Նաթանիահուն ըսած է, որ պաշտօնական արձագանգ պիտի ըլլայ այն պարագային, «երբ կ՚աւարտին համաձայնագրի վերջնական մանրամասնութիւնները, որոնք այժմ կը մշակուին»։
CNN-ը, յղում ընելով իսրայէլեան բարձրաստիճան աղբիւրին, յայտնած է, որ համաձայնագիրը դեռ պէտք է հաստատէ անվտանգութեան գրասենեակը, իսկ յետոյ կառավարութեան ամբողջական կազմը՝ պարզ մեծամասնութեամբ: