image

Արցախէն Հայաստան հասնող քաղաքացիներուն Ատրպէյճանցիք ստիպած են կամուրջը հատել ոտքով (Տեսանիւթ)

Արցախէն Հայաստան հասնող քաղաքացիներուն Ատրպէյճանցիք ստիպած են կամուրջը հատել ոտքով  (Տեսանիւթ)

Այսօր Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահներու կողմէ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ եւ Արցախի 41 քաղաքացիներու տեղափոխութիւն Արցախէն Հայաստան, որ առաջին դէպքն է 14 յունիսէն ի վեր: Ռուսիոյ Դաշնութեան  քաղաքացիները վաղուց կը սպասէին իրենց տեղափոխութեան, իսկ Արցախի քաղաքացիները ուսանողներ են, որոնք ընդունուած են ՀՀ եւ արտասահմանեան բուհեր: Այս մասին յայտնած է Արցախի տեղեկատուական շտաբը:

Ըստ խաղաղապահներու հետ ձեռքբերուած նախնական պայմանաւորուածութեան՝ յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակուի ուսանողներու եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան  քաղաքացիներու տեղափոխութիւնը:

Այնուամենայնիւ, ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ խոչընդոտել բազմաթիւ անձանց երկկողմանի տեղաշարժը: Այս պահի դրութեամբ, հարիւրաւոր քաղաքացիներ Հայաստանի մէջ կը սպասեն Արցախ վերադարձին, շտապ եւ ծրագրային առողջական հիմքերով 333 անձ հերթագրուած է Կարմիր խաչի միջոցով Հայաստան տեղափոխուելու համար՝ չհաշուած մարդասիրական, աշխատանքային եւ այլ նպատակներով երկկողմանի տեղաշարժի անհրաժեշտութիւնը հազարաւոր անձանց մօտ:

Ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ նուաստացուցիչ պայմաններ ստեղծել Հակարիի կամուրջի մօտ տեղակայուած ապօրինի անցակէտին մէջ՝ ի լրումն Արցախի քաղաքացիներու նկատմամբ անօրինական հսկողութեան ու խոչընդոտներու: Մասնաւորապէս, անձանց կամքին հակառակ՝ ատրպէյճանցիները եւ իրենց հրաւիրած լրագրողները հերթական անգամ նկարահանած են անոնց դէմքերը եւ օգտագործած քարոզչական նպատակներով: Բացի այդ, ատրպէյճանական կողմը թոյլ չէ տուած Ռուսիոյ Դաշնութեան  խաղաղապահ զօրակազմի մեքենաները անցնին Հակարիի կամուրջը՝ ստիպելով ուղեւորներուն իրենց բեռերով հանդերձ ոտքով անցնիլ կամուրջը, որմէ ետք Գորիսէն ընդառաջ եկած մեքենաներով շարունակած են ճանապարհը (ապացոյցը՝ կից տեսանիւթով):

Յունիս 15-էն առ այսօր Ատրպէյճանը կը շարունակէ արգիլել Հայաստանէն Արցախ բոլոր մարդասիրական բեռերու տեղաշարժը, որու հետեւանքով օրէ օր կը խորանայ մարդասիրական աղէտն Արցախի մէջ: Իսկ ՀՀ Սիւնիքի մարզի Կոռնիձոր համայնքին մէջ՝ Լաչինի միջանցքի մուտքի մօտ 26 յուլիսէն կը շարունակուի կասեցուած մնալ Արցախի համար ՀՀ կառավարութեան կողմէ ուղարկուած շուրջ 400 թոն մարդասիրական աջակցութիւնը:

Ատրպէյճանական ապօրինի անցակէտով քաղաքացիներու անցումը որեւէ կերպ չի փոխեր Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան դիրքորոշումը Լաչինի միջանցքի վրայ գործող այդ անցակէտի եւ ատրպէյճանական մնացած խոչընդոտներու վերաբերեալ: Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը շարունակէ պնդել, որ պէտք է ամբողջութեամբ վերականգնուի անձանց, մեքենաներու ու բեռերու անխափան ու երկկողմանի տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով՝ առանց ատրպէյճանական որեւէ միջամտութեան՝ համաձայն 2020թ. նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան եւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2023թ. փետրուար 22-ի եւ յուլիս 6-ի հրամաններու: