image

Մարզական ոգիէ զուրկ. Ինչպիսի պահուածք դրսեւորած են ատրպէյճանցիք Եւրոպայի բռնցքամարտիկներու ախոյեանութեան ժամանակ (Տեսանիւթ)

 Մարզական ոգիէ զուրկ. Ինչպիսի պահուածք դրսեւորած են ատրպէյճանցիք Եւրոպայի  բռնցքամարտիկներու ախոյեանութեան ժամանակ (Տեսանիւթ)

Ատրպէյճանցի մարզիկներն իրենց մարզական ոգիէ զուրկ պահած են բռնցքամարտի մինչեւ 16 տարեկաններու Եւրոպայի առաջնութեան հայ մարզիկներու պարգեւատրման արարողութեան ժամանակ:

Սարաեւոյի մէջ ընթացող առաջնութեան եզրափակիչին հայ մարզուհին յաղթած է Իտալիան ներկայացնող Ճորճիօ Լա Ռոսին: Ատրպէյճանցի բռնցքամարտիկը գրաւած է երրորդ տեղը։

Միեւնոյն ժամանակ, հայ բռնցքամարտիկ Սիմոն Սիմոնեանը (48 կգ) դարձած է բռնցքամարտի Եւրոպայի մինչեւ 16 տարեկաններու առաջնութեան ոսկեայ մետալակիր` եզրափակիչին յաղթելով ատրպէյճանցի Նիհաթ Կասիմովին:

Հայ մարզիկներու պարգեւատրման արարողութեան ժամանակ Ատրպէյճանի երկու ներկայացուցիչները չեն կրցած կառավարել իրենց զգացումները։ Ատրպէյճանուհին Հայաստանի օրհներգի պահուն ցուցադրաբար հեռացած է բեմէն, իսկ ատրպէյճանցին շրջած է դեմքով դէպի պատը` միաժամանակ ոտքը թփթփացնելով։