image
Հրատապ լուրեր:

Նախարար Միրզոյեան Կութերեշին. «Կը կարեւորենք փաստահաւաք առաքելութեան գործուղումը»

Նախարար Միրզոյեան Կութերեշին. «Կը  կարեւորենք փաստահաւաք առաքելութեան գործուղումը»

16 Յունուարին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի հետ:

Միրզոյեան զրուցակիցին ներկայացուց Լաչինի միջանցքի արգելափակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի մանրամասնութիւնները՝ առանձնապէս ընդգծելով միջազգային կառոյցներու եւ, մասնաւորաբար ՄԱԿի հասցէական արձագանգի եւ գործօն քայլերու անհրաժեշտութիւնը: Միրզոյեան շեշտեց, որ Ատրպէյճան կոպտօրէն կը խախտէ 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի սկզբունքները:

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, հայկական կողմը կարեւոր նկատեց Արցախ՝ Լաչինի միջանցքը փաստահաւաք առաքելութիւն գործուղելու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի համապատասխան մարմիններուն համար Արցախ անարգել մարդասիրական հասանելիութիւն ապահովելու հարցը: