image
Հրատապ լուրեր:

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը հիւրընկալեց Մխիթարեան Միաբանութեան Միջին Արեւելքի առաքելութեան մեծաւորը

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը հիւրընկալեց Մխիթարեան Միաբանութեան Միջին Արեւելքի առաքելութեան մեծաւորը

Հանդիպման ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ, Հայր Մեսրոպ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի, մասնաւորաբար Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ Մխիթարեան Միաբանութեան վանքերուն ու դպրոցներուն ծաւալած գործունէութեան, դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն։

Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի էջէն կը կարդանք՝

Հինգշաբթի, 6 Օգոստոս 2026-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ հիւրընկալեց Մխիթարեան Միաբանութեան Միջին Արեւելքի առաքելութեան մեծաւոր Հայր Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սիւլահեանը, որուն կ՚ընկերակցէին Հ. Կորիւն Նարեկ Ծենանեան եւ այլ հարազատներ։

Հանդիպման ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ, Հայր Մեսրոպ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի, մասնաւորաբար Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ Մխիթարեան Միաբանութեան վանքերուն ու դպրոցներուն ծաւալած գործունէութեան, դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն։

Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց այցելութեան առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց Միաբանութեան Հայրերուն։ Ան նաեւ անոնց նուիրեց իր նորատիպ՝ «Ամենասրբուհի Մարիամ Աստուածածինի Յաւերժ Կուսութիւնը» գիրքը, ինչպէս նաեւ այլ նորատիպ հրատարակութիւններ։