«Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին ինք կը տեղեկացնէ, թէ երբ պիտի պատուաստուի «Քորոնա» ժահրի դէմ»: Այս մասին ՌԻԱ Նովոսթիին յայտնած է ՌԴ նախագահի մամլոյ քարտուղար՝ Տմիթրի Փեսքով:
Աւելի վաղ Tert.am տեղեկացուցած էր, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան Առողջապահութեան նախարարութեան ղեկավար՝ Միխայիլ Մուրաշքօ շաբաթ օր յայտարարած է, որ «Քորոնա» ժահրի դէմ Sputnik V պատուաստը հաստատուած է 60 տարեկանէն մեծ մարդոց պատուաստման համար:
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ, տեղի ունեցած իր տարեկան մեծ ասուլիսի ժամանակ Փութին ըսած էր, որ դեռ պիտի չի պատուաստուի «Քորոնա» ժահրի դէմ, քանի որ այն դեռ նախատեսուած չէ իր տարիքի մարդոց համար, բայց անպայման կը պատուաստուի, երբ որ այդ հնարաւոր ըլլայ: